2009-07-05 14:03:14

Հայկական գաղութներ – Խրիմահայեր միջնորդ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ։


Հայկական գաղութներ – Խրիմահայեր միջնորդ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ։



Հայ առեւտրականներ միջնորդ Խրիմի եւ Մոսկուայի միջեւ։

Սեւ ծովու հիւսիսային ափերուն վրայ օսմանեան տիրապետութեան հաստատումէն ետք քաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծուեցաւ թաթարական երբեմնի հզօր եւ լայնածաւալ Ոսկէ Հորդան մեծապէս տկարացած՝ հասած էր քայքայման սեմին, նպաստելով Մոսկոֆեան Ռուսիոյ աշխուժացման եւ աստիճանական զօրացման։

Արդարեւ, մոնկոլական եւ թաթարական ներխուժումներու եւ ծանր լուծի դէմ երկարատեւ պայքարներէ ետք ռուսական առանձին տիրոյթները սկսան միանալ Մոսկուայի մեծ իշխան Իվան Գ (1462-1505) 1470ական տարիներուն գրաւեց Վոլկայի գաղթավայրերը, 1478ին՝ Նովկորոտը եւ 1485ին ալ Թուէրը միացուց Մոսկուայի, որմէ ետք նուաճեց Մոսկուայէն Լիթուանիա տարածուող արեւելեան սլաւոնական իշխանութիւնները եւ լիթուանական սահմանային քաղաքներ։ Այսպէսով, սլաւոնական տարբեր ցեղերէ կազմաւորուեցաւ ռուս ժողովուրդը։

Իվան Գ իշխան քաղաքական յարաբերութիւններ հաստատեց թաթար տարբեր իշխանութիւններու եւ ցեղային միութիւններու հետ։ Խրիմի խանութեան հետ դաշնակցեցաւ ընդդէմ Ոսկէ Հորդայի Ահմէտ խանին եւ Լիթուանիոյ Ահմէտ խանի մահէն ետք (1481) դաշնակցեցաւ նաեւ նողայներուն հետ։

Իվան Գ.ի Խրիմի խանութեան հետ դիւանաիտական կապերու հաստատման մէջ մեծ դեր ունեցաւ խրիմահայ վաճառական Աստուածատուր, որ աւելի ծանօթ էր Պոկտան անունով ան դիւանաիտական տարբեր յանձնարարութիւններ եւ հրովարտակներու փոխանակում կատարեց Խրիմի Մենկլի խանին եւ Մոսկուայի միջեւ։

Խրիմահայ այլ վաճառական մը՝ Պօղոս, որ մօտիկ կապեր ունէր Կաֆայի թրքական իշխանութեան եւ խանական ընտանիքին հետ եւ առեւտրական գործառնութիւններ կը կատարէր Մոսկուայի մէջ, կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնեց երկուստեք դիւանաիտական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ։ Ան այնքան մեծ հեղինակութիւն ունէր, որ երբ հիւանդացաւ Մոսկուայի մէջ, Մենկլի խան անոր եղբայրը՝ Կուլին յատուկ հրովարտակով ուղարկեց Իվան Գ.ի մօտ, մեծ իշխանէն խնդրելով, որ Պօղոսը խոճա Լութֆիի հետ ուղարկէ Խրիմ։

Սակայն Պօղոս մահացաւ Մոսկուայի մէջ եւ Իվան Գ. 16 Մարտ 1499ի հրովարտակով Օլէկ Կոլոխվոստովը իբրեւ դեսպան ուղարկեց խանին մօտ հրովարտակին մէջ արձանագրուած է Համայն Ռուսիոյ մէջ իշխան Իվան Վասիլեւիչէն Օլէկ Կոլոխվոստովին։ Այստեղ կար կաֆացի մը, Պօղոս անունով, հայ, այժմ այլեւս չկայ, եւ ես հրամայած եմ անոր իրերը դնել եւ կնքել։ Եթէ Կաֆայի կամ Ցարկրատի մէջ Թուրքիոյ սուլթանին կամ անոր զաւկին՝ Կաֆայի սուլթանին անունով անոնց պաշտօնեաները Պօղոսի գիրերուն մասին քեզի կը հարցնեն, ապա դուն անոնց կը պատասխանես, որ այդ մարդը եղած է մեր թագաւորի երկրին մէջ եւ այժմ մահացած է, եւ մեր թագաւորին մաքսահաւաքները հրամայած են անոր ապրանքը պահպանել եւ կնքել եթէ ունի այդ մարդը երեխաներ կամ ո՛վ որ ըլլայ անոր ցեղէն, արդարութենէ դրդուած ձեր թագաւորը, որուն որ ուղարկէ մեր թագաւորին մօտ այդ ապրանքին համար, մեր թագաւորը կը հրամայէ այդ ապրանքը անոր յանձնել։

Բայց Պօղոսի առեւտրական գործառնութիւնները այնքան լայն էին, անոր հեղինակութիւնը այնքան մեծ էր, որ Խրիմի թրքական իշխանութիւնը, չբաւարարուելով Իվան Գ.ի հրովարտակով, նոր դեսպանութիւն մը ուղարկեց Մոսկուա՝ բաղկացած Կաֆայի փաշա Մեհմէտ Շահզատէի եւ Մենկլի խանի ներկայացուցիչներէն։ Անոնք Իվան Գ.էն կը խնդրէին Պօղոսի ապրանքները առանց մաքսի յանձնել՝ խոստանալով փոխարէնը մոսկուացի ոեւէ վաճառականի Խրիմի մէջ մահանալու պարագային առանց մաքսի վերադարձնել մնացած ապրանքները։

Մինչեւ այդ ժամանակ թրքական իշխանութիւնները տեսակ-տեսակ տուրքեր կը գանձէին ռուս վաճառականներէն Իվան Գ. պահանջեց յարել միջազգային ընդունուած օրէնքները եւ խոստացաւ փոխարէնը Պօղոսի ապրանքներուն վրայէն մաքսը վերցնել։ Ի վերջոյ թրքական կողմը զիջեցաւ, որմէ ետք Պօղոսի ապրանքները Կաֆայի փաշայէն դեսպաններուն միջոցով ղրկուեցան Խրիմ։

Այս ժամանակաշրջանին Մոսկուայի մէջ գործած խրիմահայ երեւելի վաճառականներ էին Խաչերես, Խարանուլ, Սարգիս, Բաբեկ, Աւետիք եւ այլք։








All the contents on this site are copyrighted ©.