2009-07-05 14:02:47

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի յուլիս 5, Ե Կիրակի զկնի Պենտեկոստէի Ընթերցում ս. Մատթէոսի Աւետարանէն, 13-րդ գլուխ, 24-30 համարները

Թշնամիին ցանած որոմը

24 Ուրիշ առակ մըն ալ դրաւ Յիսուս անոնց առջեւ եւ ըսաւ Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի մարդու մը, որ լաւորակ սերմ ցանեց իր ագարակին մէջ։

25 Մինչ քունի մէջ էին մարդիկ, անոր թշնամին եկաւ, որո՛մ ցանեց ցորենի մէջ եւ գնաց։

26 Երբ ելաւ բոյսը եւ պտուղ տուաւ այն ատեն երեւցաւ որոմն ալ։

27 Ծառաները տանտիրոջ մօտենալով անոր ըսին Տէր, չէ՞ որ լաւորակ սերմ ցանած էիր ագարակիդ մէջ, արդ, ուրկէ՞ եկած է որոմը։

28 Ան՝ ըսաւ անոնց Թշնամի մէկը ըրած է այդ։ Ծառաները ըսին անոր Կ'ուզե՞ս, երթանք, քաղենք եւ դուրս հանենք այդ։

29 Բայց ան՝ ըսաւ Մի՛ գուցէ թէ որոմը քաղած ատեն՝ ցորենն ալ արմատախիլ ընէք անոր հետ։

30 Թո՛ղ տուէք, մինչեւ հունձքը՝ միասին թող աճին երկուքն ալ եւ հունձքի ժամանակ՝ հնձուորներուն կ'ըսեմ Նախ այդ որոմը քաղեցէք, խուրձ-խուրձ կապեցէք այդ՝ այրելու համար, իսկ ցորենը՝ մթերանոցներուս մէջ ամբարեցէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.