2009-07-04 13:02:16

Սեպտեմբեր 26-28 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Չեխա հանրապետութիւնը։


Սեպտեմբեր 26-28 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Չեխա հանրապետութեանը։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեք օր կը մնայ Չեխ հանրապետութեան մէջ տօնախմբելու սուրբ Վենչեսլաու` պաշտպամ սուրբը չեխ ազգին ։ Իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Չեխայի զանազան վայրերը եւ առաջին օրը մայրաքաղաքին մէջ յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ. երկրի հանրապետութեան նախագահ` Վագլաւ Գլաուզին, քաղաքացիական ու եկեղեցական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնին հետ։ Իսկ երեկոյեան` մայրաքաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կղերին ու եկեղեցական շարժումներու հետ պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։ Յաջորդ օրը առաւօտուն Պերնօ քաղաքը պիտի մեկնի ուր բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցանէ ապա երեկոյեան, դարձեալ Փրակա պիտի վերադառնայ։ Մայրաքաղաքին մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ համամիութենական հանդիպում ապա պիտի ողջունէ երկրի մտաւորականներն ու ակադեմական աշխարհը։ Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 28ին, Սդարա` Պոլեսլավի մէջ պատարագ պիտի մատուցէ եւ յետմիջօրէին վերադարձ դէպի Հռոմ







All the contents on this site are copyrighted ©.