2009-07-04 13:07:51

Իսրայէլցի Գիտնական Իսրայէլ Չարնին՝ կ'ամչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան

հարցով Իսրայէլի դիրքորոշման համար։


Իսրայէլցի Գիտնական Իսրայէլ Չարնին՝ կ'ամչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան

հարցով Իսրայէլի դիրքորոշման համար։



Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակի կապակցութեամբ բրիտանական խորհրդարանի Համայնքներու պալատի ՝՝Հայաստան-Մեծ Բրիտանիա՝՝ խորհրդարանական խումբը ՝՝Հայոց Ցեղասպանութիւն. Միջազգային ճանաչում եւ համապատասխան մարտահրաւէրներ՝՝ խորագրով խորհրդաժով մը կազմակերպած էր։ Մասնակցութեան հրաւէր ստացած են փրոֆէսէօր Իսրայէլ Չարնին եւ հրապարակախօս, The California Courier-ի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանը։ Իսրայէլ Չարնին նշանաւոր մասնագէտ է Հոլոքաուսթի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման ծիրէն ներս։ Ան Երուսաղէմի հոլոքաուսթի ու Ցեղասպանութիւններու հետազօտման ինսթիթութի գլխաւոր տնօրէնն է ՝՝Ցեղասպանութիւններու հանրագիտարանի՝՝ գլխաւոր խմբագիրն ու մի քանի գիրքերու հեղինակն է։ Վատ առողջութեան պատճառով Չարնին չկարողացաւ մասնակցիլ գիտաժողովին, սակայն յօդուած մը ուղարկած էր, որը կարդաց համաժողովին մէջ BBC ռատիոկայանի նախկին հաղորդավար Փիթէր Փարքերը։ Ինչպէս կը գրէ Յարութ Սասունեանը, Չարնին իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Իսրայէլի, որպէս պետութեան, ՝՝անկարողութեան՝՝։ Իսրայէլցի գիտնականը խոր ափսոսանք ու ամօթ կ՝արտայայտէ, որ տակաւին Իսրայէլի ու ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնները չեն կատարեր բարոյական պարտաւորութիւնները հայ ժողովուրդին առջեւ։ Իսրայէլ Չարնին կ'ընդծէ նաեւ, որ հասարակական մակարդակով Իսրայէլի մէջ բացայայտ յայտարարութիւններ եղած են XX դարու առաջին Ցեղասպանութեան մասին, համալսարաններու մէջ սեմինարներ տեղի ունեցած են։ Ան ափսոսանք յայտնած է նաեւ անոր համար որ պաշտօնական Երուսաղէմը կը շարունակէ համագործակցիլ Անգարայի հետ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման գործով։ ՝՝Ինձ համար հաճելի է գիտակցիլ, որ Իսրայէլի ժողովուրդը շատ վճռական է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործով։ Ես գիտեմ, թէ որքան կարեւոր է այդ մեզ եւ ողջ աշխարհին համար,( կ'ըսէ Չարնին իր յօդուածով եւ յոյս կը յայտնէ որ ՝՝մենք պիտի յաջողինք փոխել Իսրայէլի կառավարութեան դիրքորոշումը՝՝։

Աղթամար կղզիին մէջ երաժշտական փառատօն։Թուրքիա։

Այս օրերուն Վանի Աղթամար կղզիին մէջ տեղւոյն Սուրբ Խաչ Հայկական Եկեղեցւոյ առջեւ, տեղի կունենայ երիտասարդաց միջազգային մշակոյթի փառատօնը, որու ընթացքին հանդէս կուգան բազմազգի երաժշտական խումբեր, զանազան լեզուներով ներկայացնելով իրենց երգերը եւ ստեղծելով մշակոյթի խճանկար մը։ Փառատօնին մասնակցութիւն կը բերէ Իզմիրի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Սայաթ Նովա նուագախումբը։ Համերգի ընթացքին երգուած են՝ թրքական ժողովրդական երգեր, ինչպէս նաեւ քըրտերէն, հայերէն, անգլերէն եւ սպաներէն երգեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.