2009-07-04 13:07:45

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։





ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ։ Հայաստանի հանրային ռատիոն կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ազրպէյճանցի խումբ մը պատգամաւորներ եւ մտաւորականներ։ Նախաձեռնութիւնը կը վայելէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն աջակցութիւնը։ Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սարգսեան ողջունելով հիւրերը, վստահութիւն յայտնած է, որ զանոնք Հայաստան բերած է խաղաղութիւն ձեռք բերելու իրական ցանկութիւնը, յաջորդ սերունդներուն նկատմամբ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ փոխըմբռնման հասնելու ձգտումը։Ըստ նախաձեռնութեան հեղինակներուն, պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով վարուող քաղաքական երկխօսութեան զուգահեռ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու իրականացումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ կանոնաւոր շփումներ հաստատելու, իսկ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը լաւ ներդրում պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ։

ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎԵՑ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ։ ԱՓԱ, ՝՝Փանարմինիըն.նեթ՝՝ եւ ՝՝Երեւակլուր.ամ՝՝ կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպաններ Արմէն Սմբատեան եւ Փոլատ Պիւլպիւլօղլի՝ ընկերակցութեամբ Ռուսիոյ մշակոյթի եւ շարժանկարի դաշնակցային գործակալութեան ղեկավար Միխայիլ Շվիտքոյի, երէկ այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի պահուն Պիւլպիւլօղլի ընդգծած է, որ Ստեփանակերտ եկած են ոչ թէ պետական կամ քաղաքական խնդիրներ լուծելու, այլ ժողովուրդներու միջեւ վստահութիւն ստեղծելու համար։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ 18 ՅՈՒԼԻՍԻՆ։

Յստակացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունենալիք հերթական հանդիպման նախնական ժամկէտը, որ տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին, Մոսկուայի մէջ։ Այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին, աւելցնելով, որ նախագահներուն միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ-ի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ծիրին մէջ։

Մինչ այդ հանդիպումը նախապատրաստելու նպատակով յառաջիկայ օրերուն շրջան պիտի այցելեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները։



ՏՈՐԱ ՊԱՔՈՅԱՆԻՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տորա Պաքոյանիսը։ Սարգսեան նշած է, որ անոր այցելութիւնը լաւ առիթ է,ծանօթանալու շրջանային խնդիրներուն, քննարկելու Հայաստան - ԵԱՀԿ օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակելու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերուն շուրջ։՝՝Մենք մեծապէս կարեւոր կը նկատենք համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի հետ, որ կը շարունակէ մեր շրջանին մէջ մնալ իբրեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդող գործօն, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու զարգացման գործընթացի աշխուժ դերակատար(ըսած է Սերժ Սարգսեան)։ Ան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն։ Իր կարգին, Պաքոյանիս բարձր գնահատած է Հայաստանի կառավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի փոխադարձ գործակցութիւնը եւ այն արդիւնքները, որոնց կարելի եղած է հասնիլ։ Ըստ անոր, իր հայ գործընկերոջ՝ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ երէկ ստորագրուած համաձայնագիրը՝ համագործակցութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.