2009-07-03 14:04:22

Ոչ Եւս Է Հայր Բասգուալէ Պորկոմէօ՝Ռատիօ Վատիկանի մեր նախկին Ընդհանուր Տնօրէնը։


Ոչ Եւս Է Հայր Բասգուալէ Պորկոմէօ՝Ռատիօ Վատիկանի մեր նախկին Ընդհանուր Տնօրէնը։



Հայր Բասգուալէ Պորկոմէօ յետ անողոք հիւանդութեան վախճանեցաւ 2 Յուլիսի յետ միջօրէին Հռոմ, 76 տարեկանին։ Հայր Պորկոմէօ իր 76 տարիներու 35ը անցուց Ռատիօ Վատիկանի մէջ,նախ որպէս պատասխանատու Կեդրոնական Խմբագրութեան,ապա Տնօրէն Ձայնասփռումներու եւ հուսկ Ընդհանուր Տնօրէն Վատիկանի Ռատիոկայանի մինչեւ 2005։ Հայր Պորկոմէօ միաժամանակ Իտալացի Կաթողիկէ Լրագրողներու Միութեան Եկեղեցական Օգնականն էր։ Ծնած Նաբոլի 1933ին ,Յիսուսեաններու Միաբանութիւնը կը մտնէր 1948ին,քահանայ ձեռնադրուելով ապա 1963ին։ Լայնամիտ,ազնիւ եւ շատ հաղորդական , մասնագէտ հայրախօսական աստուածաբանութեան Փարիզի Սորպոնի Համալսարանը ներկայացուցած էր Սուրբ Օգոստիոնոսի մասին իր աւարտաճառը ի ներկայութեան՝մեծ փիլիսոփայ եւ դասատու Հէնրի Իրէնէ Մարրու-ի ։ Ապագային ան օգտագործեց իր փայլուն

իմացականութիւնը ,ընդարձակ մշակոյթը եւ լեզուներու ծանօթութիւնը՝ընկերային հաղորդակցութեանց մարզէն ներս,արդարեւ Հայր Պորկոմէօ իտալերէնէ անդին տէր էր ֆրանսերէնի, անգլերէնի,գերմաներէնի եւ սպաներէնի։ Իր Տնօրէնութեան տարիներուն հայր Պորկոմէօ շատ աշխատեցաւ որպէսզի Ռատիօ Վատիկանը ճանչցուի ու գործոն կերպով ներկայ ըլլայ իտալական լրագրական աշխարհի ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռային միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ։ Հայր Բասգուալէ Պորկոմէօ-ի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՝ունենայ 4 Յուլիսին Հռոմ ,Յիսուսեան Կրօնաւորներու Միաբանութան կից գտնուող Սանթօ Սբիրիթօ ին Սասսիա Եկեղեցիին մէջ ։ Աղօթք եւ Օրհնութիւն Հայր Բասգուալէ Պորկոմէօ-ի՝ Բարի Եւ Լոյս Յիշատակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.