2009-07-02 13:09:01

Կրօնայ բարոյական հարցեր «Սատանային Երկրորդ Պարտականութիւնը»


Կրօնայ բարոյական հարցեր «Սատանային Երկրորդ Պարտականութիւնը»

Սատանային առաջին պարտականութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդը ցրուել, հեռացնել էր Քրիստոսի մօտէն: Այս հեռացումը անշուշտ այն միակ երդիքէն՝ եկեղեցիէն պիտի ըլլար, որ միատեղ ու ապահով կը պահպանէ Քրիստոսի բանաւոր հօտին հաւատացեալ ոչխարները: Այսքանով չի՛ բաւարարուիր սակայն ան: Մէկը կրնայ արդարօրէն առարկել, թէ՝ հեռացնելէ աւելի ի՞նչ կրնայ ընել, որովհետեւ արդէն իսկ իր նպատակին հասած կ’ըլլայ այդպիսով: Սակայն սատանան մեզի պէս սովորական մտածելակերպ չունի: Իր հաշիւները աւելի խոր են եւ արմատական, քան սովորական մարդոց նման մակերեսային ու թեթեւ: Ան կը խորհի, որ եկեղեցիէն հեռացողները կրնան օր մը դարձեալ վերադառնալ զղջումով, ապաշխարութեամբ: Այդ իսկ պատճառաւ, կ’ուզէ անոնց մտքէն ամբողջութեամբ հեռացնել այն ինչ որ աստուածածանօթութեան կը նպաստէ՝ Աստուածաշունչի ճշմարիտ իմացութիւն, եկեղեցւոյ հայրերու սրբազան ուսուցումներ, դաւանանք, եկեղեցական աւանդութիւններ, ծիսական համակարգ, եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութեան նկատմամբ յարգանք ու հնազանդութիւն, եւ նման սկզբունքային օրէնքներ, որոնք կը կազմեն եկեղեցւոյ կեանքը ու էութիւնը: Սատանայի երկրորդ պարտականութիւնն է՝ Աստուծոյ անունով խօսիլն է: Ահա թէ ո՞ւր կամ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ անոր յաջողութիւնը: Հաւատացեալներէն քանի՞ն կրնան ստոյգ կերպով գիտնալ, թէ Աստուծոյ անունով խօսողը կրնայ սատանայէն մղուած ըլլալ: Աղանդաւորական խմբակներու ամբողջ աշխատանքը այս հիմքին վրայ կը կանգնի: Պարզ ու բարեպաշտ ժողովուդը ո՛չ աստուածաբան է, ո՛չ ալ դաւանական հարցերու խրթին խնդիրներուն ծանօթ: Այսպէս, Եհովայի վկաներ կոչուած աղանդին փերեզակները երբ խօսին Աստուծոյ անունով, կամ մեկնութիւններ կատարեն Աւետարական ճշմարտութեանց մասին, քանի՞ հոգի կրնայ բաղդատական կատարել եւ ժխտել անոնց ուսուցածը: Եհովայի վկաներուն եւ առհասարակ բոլոր քրիստոնէական աղանդներուն գլխաւոր աշխատանքներէն է, Աստուծոյ խօսքին՝ Աստուածաշունչին այլափոխումը, չարափոխումը, նենգափոխումը, ըլլա՛յ բնագրային աննկատելի աղաւաղումներու ճամբով, ըլլա՛յ զայն մեկնաբանելու ձեւին մէջ:

Աստուծոյ անունով խօսելու այս ոճը, սատանան ստացած է հին մարգարէներէն, որոնցմէ շատերը անցեալին փորձած է հեռացնել իրենց մարգարէական պաշտօնէն ու կոչումէն: Անոր հիմնական կերպը՝ Աստուծոյ անունով յայտարարութիւն կատարելն է: Սատանան այնպէս մը կը խօսի, իբրեւ թէ՝ Աստուած Ի՛նք է խօսողը…: Ասկէ նաեւ այն հեղինակութիւնը, զոր ան ձեռք կը ձգէ, մոլորեցնելու համար պարզամիտները:

Եթէ այս է կացութիւնը, ուրեմն՝ փրկութիւն չկայ, կրնայ ըսել իսկապէս հաւատացեալ մարդը: Որովհետեւ երբ սատանան նոյնիսկ բարիի կերպարով ու դրական տիպարներու դերակատարութեամբ պիտի մօտենայ, բնաւ կարելի պիտի չըլլայ ճանչնալ զինք իր էութեանը մէջ: Այս եւ նման հաստատումներ կատարող իսկապէս բարեպաշտ մարդոց մխիթարութիւն կրնանք տալ այն լուսաբանութեամբ, որ փառք Ամենակալին, կա՛յ տակաւին միակ միջոց մը, յայտնաբերելու սատանային ինքնութիւնը, նոյնիսկ իր դրական կերպարին, կամ բարիի «հագուստ»ին մէջ: Եւ այդ՝ անոր խօսքին ու գործին մէջ եղած տարբերութիւնն է…:

Սատանային երկրորդ պարտականութիւնը, ուրեմն, Աստուծոյ չարափոխուած խօսքով մարդիկը մոլորեցնելն է: Սակայն, խորքին մէջ ան Աստուծոյ Խօսքը չէ՛ որ կը փոխանցէ, այլ իր անձնական մեկնութիւնը կու տայ անոր, մարդիկը կորստեան ճամբու մէջ դնելով: Ծածուկ բան չկայ, որ ի յայտ պիտի չգայ, կ’ըսէ Յիսուս (հմմտ. Մտ. 10.26), եւ ինչքա՜ն կը յարմարի այդ համարը սատանային գործունէութեան, որ սովոր է միշտ մութին մէջ, աչքերէ հեռու աշխատիլ: Անոր երկրորդ պարտականութիւնն ալ ուշ կամ կանուխ ձախողութեան պիտի դատապարտուի…:








All the contents on this site are copyrighted ©.