2009-07-01 12:48:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի մէկ Յուլիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց խօսելով՝ անցեալ շաբաթ իր հռչակած քահանայական տարւոյն մասին ինչպէս նաեւ Պօղոս առաքեալի յոբելեան տարւոյն փակման մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)

Գոհութիւն տանք Աստուծոյ Պօղոսեան յոբելենական տարւոյն փակման համար եւ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնենք աստուածային Նախախնամութեան որ մեզի առիթ կ'ընծայէ տօնախմբելու քահանայական տարին, Արսի ժողովրդապետի մահուան 150րդ տարեդարձին առթիւ։ Այս սուրբ քահանայի դիմագիծը. մեզի կու տայ գիտակցութիւնը որ ՜՜Աստուծմէ կու գայ հոգեւոր վերազարթօնքի շնորհքը թէ քահանաներուն եւ թէ համայն եկեղեցւոյ համար՝՝։ Քահանայական տարին, հրաւէր մըն է՝ միշտ յառաջդիմելու եւ նոյնանալու Քրիստոսի հետ հաւատարմօրէն ապրելով աւետարանական առաքինութիւնները։ Քահանայի խորհրդակատարումով, հաւատացեալներու հոգեւոր զոհը կը միանայ Քրիստոսի Զոհին` ան մեր միակ Միջնորդն է։

Իր ձեռնադրութեամբ ու նուիրումով քահանան արտակարգ շնորհք կ՝ ընդունի, որ զինք վկայ կը դարձնէ Քրիստոսի անձին ու անոր առջեւ կը բացուին նոր հորիզոններ. մէկ խօսքով քահանան կը դառնայ Աւետումի ու խորհուրդներու մարդը։

Քահանան ապաշխարող մըն է, Ս. Հոգւով վերանորոգուած, կանչուած Աստումէ՝ որպէսզի փրկութեան Աւետարանը հասնի աշխարհի ծայրերը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ընդհանուր ունկնդրութեան ներկաները աղօթելու այս տարւոյն ընթացքին քահանաներու սրբութեան համար ու քահանայական կոչումներուն համար։ Մեր ժամանակը տրամադրենք աղօթքի եւ երկիրպագութեան ամենասուրբ հաղորդութեան առջեւ, ինչպէս նաեւ գիտնանք լռութիւն պահել որպէսզի կարենանք լսել Աստուծոյ խօսքը ու կատարել անոր կամքը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ խօսքը ուղղելով Սուրիայէն եկած Հալէպի հայ ուխտաւորներուն, առաջնորդութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` գեր. Հ. Ներսէս վրդ. Զապպարեանին, ըսաւ. ՜՜Թող Ս. Հոգին իր շնորհքներով լիացնէ ձեզ եւ ուղղէ ձեր քայլերը դէպի բարին։ Բարի ուխտագնացութիւն բոլորիդ՝՝։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը , Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն . ՜՜Ձեզմէ շատեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այս ամիսներուն կարելիութիւն պիտի ունենան արձակուրդի երթալու, բոլորին կը մաղթեմ որ անդորր եւ հանգստաւէտ ժամանակ անցնել՝՝։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.