2009-07-01 14:56:42

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915).


 Նորավէպի Իշխանը, Յառաջադէմ Մտածողը եւ Հայ Ժողովուրդի Դատապաշտպանը։



26 Յունիսը ծննդեան տարեդարձն էր մեծանուն Զօհրապի, որ դժբախտաբար միայն 54 տարի ապրեցաւ եւ, իր ամէնէն արգասաբեր տարիքին, զոհ գնաց օսմանեան հակահայ մոլուցքին ու ցեղասպանական ոճիրին։ Այսուհանդերձ, իրեն բաժին ինկած կեանքի կարճատեւ պատեհութիւնն անգամ բաւարար եղաւ, որպէսզի իր վառ անհատականութեամբ Զօհրապ փայլի հայ իրականութեան մէջ՝ թէ՛ իբրեւ տաղանդաւոր արձակագիր, թէ՛ իբրեւ յառաջդիմական գաղափարներու դրօշակիր եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ հայ ժողովուրդի ազային-քաղաքական իրաւունքներուն անվեհեր դատապաշտպանն ու անձնուէր քարոզիչը։ Ծնած էր Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղին մէջ եւ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր։ Հայեցի կրթութիւնը, նախնական եւ միջնակարգ, ստացած էր իր թաղի ՝՝Մաքրուհեաց՝՝ եւ Օրթագիւղի ՝՝Թարգմանչաց՝՝ վարժարաններուն մէջ՝ շրջան մը տնօրէն ունենալով արեւմտահայ պատմավէպի վարպետ Ծերենցը (Յովսէփ Շիշմանեան) ։Բարձրագոյն ուսման համար յաճախեց ԿալաթաՍարայի պետական երկրաչափական հիմնարկը, որմէ 1879ին վկայուեցաւ իբրեւ երկրաչափ, բայց չուզեց երկրաչափութեամբ զբաղիլ։ 1880ին, երբ Պոլսոյ մէջ բացուեցաւ Իրաւագիտութեան համալսարանը, Զօհրապ առաջին ուսանողներէն եղաւ։ Երեք տարի ետք արժանացաւ իրաւաբանի վկայականին եւ 1883էն սկսեալ կեանքի ասպարէզ ընտրեց փաստաբանութիւնը՝ միաժամանակ նուիրուելով գրական-հրապարակագրական ու ազգային-հասարակական եռուն գործունէութեան։



Գրիգոր Զօհրապ յաջող եւ առաջնակարգ փաստաբան մը եղաւ՝ համաօսմանեան չափանիշով։ Պատժական Օրէնքի դասախօս նշանակուեցաւ Պոլսոյ Իրաւագիտութեան համալսարանին մէջ։ Հանդիսացաւ օսմանեան իրաւագիտութեան մեծ մշակներէն մէկը. ունի ֆրանսերէնով գրուած մէկ եւ օսմաներէնով երկու աշխատութիւններ։ Նաեւ՝ եւրոպական չափանիշով դատապաշտպանի հռչակի տիրացաւ՝ աղմկայարոյց դատեր պաշտպանելու եւ շահելու իր բացառիկ կարողութեամբ։ Հռետորական մեծ տաղանդի տէր էր, ինչ որ պատուանդանը կազմեց ինչպէս ազգային երեսփոխանի, նոյնպէս եւ աւելիով Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւորի իր եռուն եւ փայլուն գործունէութեան։ Յատկապէս աղմկայարոյց եղաւ, 1905ին, իր շահած դատը Իշթիպի Գայմագամին դէմ, որ խոշտանգած էր պուլկար յեղափոխական մը եւ անպատիժ կը մնար։ Այդ դատին հետեւանքով, օրուան իշխանութեանց կողմէ, Զօհրապին արգիլուեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին փաստաբանութիւն կատարել եւ ան, ստիպուած, անցաւ Փարիզ, Ֆրանսա, ուրկէ Պոլիս վերադարձաւ 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք միայն։ Հայութեան դատապաշտպանի իր հռչակին Զօհրապ արժանացաւ 18951896ի համիտեան կոտորածներու շրջանին, երբ ստանձնեց եւ շահեցաւ հայ քաղաքական ամբաստանեալներու դատապաշտպանութիւնը՝ փրկելով շատերու կեանքը։ Իսկ 1909ին, Ատանայի մեծ ջարդէն ետք, երբ իթթիհատական իշխանութիւնները լծուած էին զոհերը իբրեւ յանցագործ ՝՝դատելու՝՝ մեքենայութեանց, Գրգիոր Զօհրապ ի գործ դրաւ Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւորի եւ հռչակաւոր փաստաբանի իր ամբողջ հեղինակութիւնը, որպէսզի ջարդերուն պատասխանատուները բացայայտուին եւ իրենց պատիժը ստանան։



1886ին լոյս տեսած ՝՝Անհետացած սերունդ մը՝՝ վիպակէն սկսեալ, Զօհրապ եղաւ ՝՝Դէպի աղբիւրը լոյսին՝՝ յառաջացող մշտական ուղեւոր մը, որ իր պարզ, պատկերաւոր ու գեղեցիկ հայերէնով, իր գիտական, խոհուն եւ նրբազգաց լեզուա-մտածողութեամբ ու, մանաւա՛նդ, իր գեղարուեստական գրական բարձրորակ ու բծախնդիր ճաշակով՝ գրաւեց հայ ընթերցողն ու գրականագէտ մտաւորականութիւնը։ Զօհրապ արժանաւորապէս նուաճեց ՝՝Նորավէպի Իշխանի՝՝ իր փառքը։ Քառորդ դարու ընթացքին գրուած եւ ՝՝Խղճմտանքի ձայներ՝՝ (1909), ՝՝Լուռ ցաւեր՝՝ (1911) ու ՝՝Կեանքը ինչպէս որ է՝՝ (1911) առանձին հատորներու մէջ հաւաքուած իր պատմուածքները մնայուն հարստութիւնը կը կազմեն հայ գրականութեան։Նաեւ՝ իրենց փոխանցած պատգամով, Զօհրապի նորավէպերը հետագայ սերունդներուն համար անմահացուցին հայ ժողովուրդի կեանքին ամէնէն բուռն ժամանակաշրջաններէն մէկը՝ հաւասարապէս լուսաւոր թէ մութ իր երեսներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.