2009-06-30 13:36:55

Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճերոթթիի հանդիպումը Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ


Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճերոթթիի հանդիպումը Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ. այս առթիւ առաքելական նուիրակը հայրենի նախագահին փոխանցած է Հռոմի Պապի բարեմաղթանքը։

Հայաստանի նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին (նստավայրը՝ Թիֆլիս)։

Պապական նուիրակը նախագահ Սարգսեանին փոխանցած է Պենետիկտոս ԺԶ պապին բարեմաղթութիւնները։

Նախագահ Սարգսեան, ողջունելով գերապայծառ Կուճերոթթին, ըսած է, որ գերապայծառը երկար տարիներ ըլլալով պապական նուիրակը Հայաստանի մէջ, իր փորձն ու գիտելիքները ներդրած է Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ու աշխուժացման աշխատանքին մէջ։

Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Վատիկանի դերը ոչ միայն իբրեւ հոգեւոր կեդրոն, այլեւ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու ու բարոյական օրէնքներու պաշտպան, եւ աշխարհի մէջ հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան պահպանման ջատագով։

Նախագահ Սարգսեան եւ պապական նուիրակը Գերապայծառ Կուճերոթթի խօսած են Հայաստանի ու Վատիկանի փոխադարձ յարաբերութիւններուն մասին եւ արտայայտուած են անոնց հետագայ ընդլայնման օգտին։

Սերժ Սարգսեան նաեւ ողջունած է Վատիկանի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ հաստատուած փոխադարձ գործակցութիւնը որ Գերապայծառ Կուճերոթթին նկատած է համագործակցութեան լաւագոյն օրինակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.