2009-06-30 13:36:29

Պենետիկտոսս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երեքշաբթի 30 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ,Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութեան առթիւ Պալիում ընդունած՝ 34 Մետրապոլիտ արքեպիսկոպոսները, անոնց ընտանեկան պարագաները եւ իրենց ընկերացող հաւատացեալները։

Երէկ` երկուշաբթի 29 յուլիսին Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին, Սրբազան Քահանայապետը ստորագրեց Caritas in veritate ''Սէր ճշմարտութեան մէջ'' վերտարութեամբ երրորդ շրջաբերական թուղթը, այս լուրը տալով Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, որոնք եկած էին Սրբազան Քահանայապետին հետ աղօթելու Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜Այս շրջաբերական թուղթը կը ներփակէ ընկերային հարցեր եւ կերպով մը անիկա շարունակութիւնն է Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետի Populorum progressio ''Ժողովուրդներու բարգաւաճումը'' շրջաբերական թուղթին։

''Սէր ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղը որ կը կրէ Պենետիկտոսս ԺԶ ի ստորագրութիւնը 29 յունիս 2009 թուականով, տօն՝ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն, կը նպատակադրէ խորացնել մեր ժամանակաշրջանի բարգաւաճումի կարգ մը նիւթեր՝ սէրը ճշմարտութեան մէջ լոյսով։ Ձեր աղօթքին կը յանձնեմ Եկեղեցւոյ այս նոր նպաստը մարդկութեան ի խնդիր,ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի մարդկային ամէն բարգաւաճում ու զարգացում կատարուի մարդկային արժանաւորութեան յարգանքով եւ ի շահ ամէնուն ու անոնց իսկական պահանջքին։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.