2009-06-30 13:36:42

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի անձնական ներկայացուցիչ եւ Փարիզի կարտինալ Անտրէ Վենթ-Թրուայի հանդիպումը Արամ Ա կաթողիկոսին հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի անձնական ներկայացուցիչ եւ Փարիզի կարտինալ Անտրէ Վենթ-Թրուայի հանդիպումը Արամ Ա կաթողիկոսին հետ։

Երկուշաբթի՝ 29 յունիս 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին անձնական ներկայացուցիչ եւ Փարիզի կարտինալ Անտրէ Վենթ-Թրուան այցելութիւն կատարեց Արամ Ա կաթողիկոսին Անթիլիասի վեհարանին մէջ։ Կարտինալին կ՝ընկերանար բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ մարոնիներու պետ կարտինալ Նասրալլահ Սֆէյր պատրիարքին ներկայացուցիչը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Կոմիտաս արք Օհանեան, Նորայր եպս Աշըգեան եւ Գրիգոր Ծ վրդ Չիֆթճեան։

Երկու հոգեւորականներուն միջեւ խօսակցութեան նիւթը եղաւ ՜՜Լիբանանի ներքին կացութիւնը ու միջին արեւելեան քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, եւ ապա խօսակցութիւնները կեդրոնացան Վատիկանի եւ հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերուն շուրջ, ու քննարկումի նիւթ դարձան միջեկեղեցական գործակցութեան ոլորտները։ Լայն քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ վեհափառին Վատիկան կատարած չորսօրեայ այցելութիւնը անցեալ տարուան նոյեմբերին, որուն լոյսին տակ գործակցութեան նոր հեռանկարներ ծրագրուած էին երկու եկեղեցիներուն կողմէ։

վերոյիշեալ նիւթերուն առնչութեամբ՝ Արամ Ա. լայն գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեց կարտինալին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան։

Նախապէս կարտինալ Անտրէ Վենթ-Թրուա հանդիպում ունեցած էր Լիբանանի նախագահ զօր Միշել Սլէյմանին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.