2009-06-30 13:37:10

Կրօնական գիտելիքներ

Կիրակի 28 Յունիս 2009 Դ. Կիրակի Պենտեկոստէի


Կիրակի 28 Յունիս 2009 Դ. Կիրակի Պենտեկոստէի

Երկուշաբթի 29 Յունիս 2009 Հայ տօնացոյցի համաձայն կը յիշատակուի Սուրբ Ներսէս Հայրապետի եւ Խադա եպիսկոպոսի տօնը

Նոյն օրը ըստ լատինաց տօնն է Սրբոցն Պետրոս եւ Պոռս առաքելապետերու տօնը

Սուրբ Ներսէս Հայրապետ եղած է Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն պատուական եւ հոգելից կաթողիկոսներէն մէկը։ Ան աշակերտած է Ստեփանոս վարդապետին Կարմիր վանքին մէջ եւ 18 տարեկանին քահանայ ձեռնադրուած՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսէն Հռոմկլայի մէջ։ Կաթողիկոս օծուեցաւ 1166-ին։ Ան իր կեանքով, հանճարով, յոյներու հետ միաբանութեան խնդիրներուն ընթացքին հետեւած շրջահայեաց եւ իմաստուն ընթացքով, իր յստակաբան գրիչով՝ որով արծաթի դարու մատենագրութիւնը իր ամէնէն փայլուն շրջանին հասցուց, ու նաեւ իր մեղրածորան պերճախօսութեամբը անզուգական եղաւ իր ժամանակին մէջ։ Նարեկացիէն ետք ինքն էր որ ամէնէն աւելի ազդած է ժողովուրդին հոգւոյն վրայ , եւ յարգուած է իբրեւ մեր մեծագոյն սուրբերէն մէկը։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը վախճանեցաւ 1173-ին՝ 71 տարեկանին Հռոմկլայի մէջ ուր մինչեւ վերջ իր գերեզմանը նոյնիսկ օտարները կը պատուեն Տէր Ներսէս կոչմամբ։



Երեքշաբթի 30 Յունիս 2009 ին տօնն է Դանիէլ մարգարէի եւ երեք մանուկներուն։

Դանիէլ, երիտասարդ տարիքին Բաբելոն տարուեցաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի կողմէ, աւելի քան 10.000 Իսրայէլացիներու հետ միասին։ Դանիէլ անոնցմէ էր, որոնք ընդրուեցան Իսրայէլցի գերիերուն մէջէն որպէսզի դաստիարակուին եւ ապա պետական պաշտօններու ստանձնեն։ Դանիէլի հետ էին իր ընկերները Անանիա, Ազարիա եւ Միսայէլ։ Նշենք որ Դանիէլի գրքին մէջ բազմաթիւ հետաքրքրական եւ սրտագրաւ դէպքեր կան որոնք կը հաստատեն անոր աստուածային իմաստութեամբ լեցուած ըլլալը, եւ նախախնամական բացառիկ պաշտպանութիւն վայելելը։

Երբ Դանիէլին հրամայուեցաւ երկիրպագել քապդիացիներու աստուածներուն ան մերժեց, որուն ի հետեւանք ան թագաւորին հրամանով նետուեցաւ առիւծներու գուբը։ Սայկայն Տիրոջ հրեշտակը իջաւ եւ ազատեց զինք։

Նոր Կտակարանին մէջ, Դանիէլ մէկ անգամ յիշուած է Քրիստոսի վերջին յայտնութենական քարոզին մէջ։ Իսկ իր տեսիլքներուն մէջ երեւցած Մարդու Որդին՝ ՜՜որուն տրուեցաւ իշխանութիւն , պատիւ եւ արքայութիւն. եւ որուն պիտի ծառայեն բոլոր ազգերն ու լեզուները, եւ որուն իշխանութիւնը յաւիտենական է եւ անոր թագաւորութիւնը անպակսելի՝՝ տառապէս կը նոյնանայ Նոր Կտակարանի Մարդու Որդիին՝ ՔՐԻՍՏՈՍի հետ։



Հինգշաբթի 2 Յուլիս 2009 ին տօնն է Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ թարգմանիչներուն։

Շաբաթ օրը՝ (4 Յուլիս 2009-ին) տօնն է Զաքարիա Մարգարէի եւ Ոնոփորիոս Ճգնաւորի։








All the contents on this site are copyrighted ©.