2009-06-29 12:58:09

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու



Ուաշինկթոն - Զինուորական աղբիւր մը երէկ հարաւային քորէական Եոնհափ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հարաւային Քորէա այս ամիս ամերիկեան արտադրութեամբ հակահրթիռային 40 հրթիռներ պիտի ապահովէ՝ ամրապնդելու համար իր պաշտպանողական համակարգը, հակազդելով այն տեղեկութեանց, թէ Հիւսիսային Քորէա մօտ օրէն հրթիռի արձակման փորձարկում մը պիտի կատարէ։



Փարիզ ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հետ։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Փարիզի հանդիպումը օգտակար էր եւ անցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։



Թեթերան - Վերջերս Իրանահայ գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ պարսկերէն-հայերէն բուսաբանական եւ եռալեզու՝ պարսկերէն- հայերէն- լատիներէն կենդանաբանական պատկերազարդ բառարաններու հեղինակ Ժիրայր Խոսրովեանի հետ։ Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, թէ հայոց լեզուի դասատուն պէտք է գիտնայ առօրեայ կեանքի մէջ գործածուող բառերուն մաքուր հայերէնը։ Ան յայտնեց, թէ բառարաններու կազմութեան աշխատանքի ընթացքին հանդիպած է բազմաթիւ դժուարութիւններու՝ աղբիւրներու չգոյութեան պատճառով։ Ան նաեւ բացատրութիւններ տուաւ բառարաններուն մասին։



Հայ Եկեղեցին՝ «Եունէսքօ»ի Հրատարակութեան Մէջ - Վերջերս «Եունէսքօ»ն կարեւոր գիրք մը հրատարակեց՝ «Մշակութային արժէքներ Քրիստոնեայ ու Իսլամ կրօններուն մէջ» խորագիրով։ Արաբերէն լեզուով հրատարակուած այս գործին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է Հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Յիշեալ գործի հրատարակութեան մէջ իր նպաստը ունեցաւ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբը եւ մանաւանդ նոյն յանձնախումբի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.