2009-06-28 09:31:41

Հայկական գաղութներ - Խրիմահայ գաղութին տկարացումը եւ վերաշխուժացումը


Հայկական գաղութներ - Խրիմահայ գաղութին տկարացումը եւ վերաշխուժացումը

Խրիմի վրայ օսմանեան տիրապետութեան հաստատումէն ետք հայոց դէմ ծայր առած կրօնափոխութեան պարտադրանքները եւ բռնութիւնները պատճառ դարձան ժողովուրդի զանգուածային գաղթին՝ դէպի շրջակայ երկիրներ, եւ երբեմնի շէն գաղութը մեծապէս տկարացաւ։ Սակայն հետագային վերջ գտան հալածանքները, եւ կրկին անգամ հայեր ազատութիւններ ու արտօնութիւններ ձեռք ձգեցին այդ ժամանակ ալ անոնք կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնեցին դիւանաիտական մարզէն ներս։

Խրիմէն զանգուածային գաղթ` դէպի շրջանային երկիրներ։

Խրիմի թերակղզիին գրաւումը ամբողջացնելէ ետք օսմանցիք հոն առանձին կառավարչութիւն հաստատեցին։ Խրիմի կառավարիչը բէկլէրբէկի տիտղոսը ստացաւ։ Թերակղզիին ծովափնեայ շրջանը չորս գօտիներու բաժնուեցաւ Քեֆէ (Կաֆա), Ենի Գալա, Սուտակ եւ Մանուպ, իրենց 95 գիւղերով, որոնք ուղղակի օսմանեան գահին կապուեցան։ Իսկ աւելի հիւսիս տարածուող գօտիին մէջ տեղացի Գիրէյ տոհմի խաները պահեցին իրենց ներքին ինքնիշխան գոյավիճակը՝ սուլթանի գերիշխանութեան տակ։

Անմիջապէս որ օսմանեան տիրապետութիւն հաստատուեցաւ, հայութեան նկատմամբ կիրարկուող բռնութիւնները եւ կրօնափոխութեան պարտադրանքները անտանելի վիճակ ստեղծեցին, եւ նոյն տարին իսկ (1475ին) մեծ թիւով հայեր զանգուածաբար իրենց տունն ու տեղը ձելով գաղթեցին դէպի հիւսիս, Լեհաստանի Կալիցիա երկրամասը, հայաշատ Կամենէց, Լվով եւ այլ բնակավայրեր մէկ մասն ալ փախուստի դիմեց դէպի արեւմուտք՝ Մոլտաւիա եւ Թրանսիլվանիա։

Մօտաւոր տուեալներով, մինչեւ այդ ժամանակ հարիւր հազար հայ երդաստաններ կը բնակէին Խրիմի մէջ, որոնցմէ յետոյ մնաց հինէն վեց հազար գերդաստան։

Խրիմի վրայ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելէ ետք օսմանցիք շարժեցան դէպի յարակից երկրամասեր եւ 1476ին ծովէն ու ցամաքէն մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Մոլտաւիոյ վրայ ծանր կորուստներու ենթարկուեցաւ մանաւանդ շրջանին հայութիւնը, որուն կարեւոր մասը Խրիմէն գաղթականներն էին։ Մոլտաւիոյ հայերէն շատեր հետագային բռնագաղթի ենթարկուեցան։

Օսմանցիք 1484ին գրաւեցին Քիլիան՝ Դանուբի գետաբերանին վրայ եւ յարձակեցան Աքքերմանի վրայ սուլթանին հրամանով շրջանին հայութիւնը բռնագաղթուեցաւ եւ Պոլիս տարուեցաւ։

Օսմանեան նուաճումներէն ետք Սեւ ծովու նաւահանգիստները կորսնցուցին իրենց միջազգային նշանակութիւնը առեւտուրը մեծապէս տկարացաւ եւ նեղ, տեղական շրջագիծի մէջ սահմանափակուեցաւ։ Արհեստները, որոնք կապուած էին տարանցիկ առեւտուրին հետ, արտաքին շուկան կորսնցնելով՝ նոյնպէս տկարացան։

Հայոց եկեղեցիներուն ու վանքերուն մէկ կարեւոր մասը բռնագրաւուած ըլլալով իշխանութիւններուն կողմէ, ազգային - եկեղեցական կեանքը, գրեթէ կազմալուծուած եւ ինքն իր մէջ ամփոփուած, գոյութեան դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէր, իսկ գրչութեան երբեմնի շէն օճախները ամայացած էին։ Յաճախակի դարձան նաեւ հայ երեւելի դէմքերու դէմ պարբերաբար կիրարկուող սպանութիւնները։

Սակայն օսմանեան իշխանութիւնները յաջորդղ տարիներուն իսկ կարիքը զալով հայութեան, իբրեւ ձեռներէց, առեւտրական, արհեստաւոր եւ շինարար ժողովուրդ, փոխեցին իրենց վերաբերմունքը եւ աշխատեցան սիրաշահիլ հայութիւնը հայկական բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու վանքերը վերադարձուեցան եւ վերջ տրուեցաւ կրօնափոխութեան պարտադրանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.