2009-06-28 09:33:17

Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի յունիս 28շ Պենտեկոստէի Դ Կիրակին, ընթերցում ս. Մատթէոսի Աւետարանէն ԺԲ գլուխ, 38-45 համարները։


Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Կիրակի յունիս 28շ Պենտեկոստէի Դ Կիրակին, ընթերցում ս. Մատթէոսի Աւետարանէն ԺԲ գլուխ, 38-45 համարները։



ՅՈՎՆԱՆԻ ՆՇԱՆԸ - 38Անոր վրայ դպիրներէն եւ փարիսեցիներէն ոմանք պատասխան տուին անոր եւ ըսին Վարդապետ, նշան մը կ'ուզենք տեսնել քեզմէ։ 39Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ անոնց Նշա՞ն կ'ուզէ այս չար եւ շնացող սերունդը՝ նշան պիտի չտրուի՛ ասոնց, բայց եթէ Յովնան մարգարէի նշանը միայն։ 40Որովհետեւ, ինչպէս որ Յովնան՝ կէտ ձուկի փորը մնաց երեք օր եւ երեք գիշեր, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին՝ երկրի ծոցին մէջ պիտի մնայ, երեք օր եւ երեք գիշեր։ 41Նինուէացիներու մարդիկը՝ այս սերունդին հետ պիտի ելլեն դատաստանի օրը եւ պիտի դատապարտեն ասոնք, որովհետեւ զղջացի՛ն Յովնանի քարոզութեան վրայ, արդ, Յովնանէն ալ աւելի մեծը կայ հոս։ 42Հարաւի թագուհին՝ այս սերունդին հետ պիտի ելլէ դատաստանի օրը եւ պիտի դատապարտէ ասոնք, որովհետեւ աշխարհի միւս ծայրէն եկաւ, Սողոմոնի իմաստութիւնը լսելու համար եւ ահա, Սողոմոնէ՛ն ալ աւելի մեծը կայ հոս։

ՉԱՐ ՈԳԻՆ՝ ԱՒԵԼԻ ՉԱՐԱՑԱԾ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ - 43Բայց երբ մարդու մէջէն դուրս կգելլէ պիղծ ոգին, անջրդի տեղեր կը շրջի, հանգիստ (ընելու տեղ) կը փնտռէ եւ (երբ) չի գտներ՝44այն ատեն կգըսէ Իմ տունս վերադառնամ դարձեալ, ուրկէ ելած էի կու գայ եւ պարապ, մաքրուած ու կահաւորուած գտնելով այդ՝ 45կ'երթայ, ուրիշ, իրմէ՛ ալ աւելի չար եօթ դեւեր կ'առնէ իր հետ եւ (դարձեալ) հոն մտնելով՝ հո՛ն կը սկսի բնակիլ (նորէն) եւ առաջուանէն ալ աւելի գէշ կ'ըլլայ այդ մարդուն վերջին վիճակը։ Այսպէս պիտի պատահի այս չար սերունդին ալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.