2009-06-27 13:18:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Շաբաթ 27 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Վիէթնամի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի եպիսկոպոսները` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ . ՜՜Այսօրուան մեր հանդիպումը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ այս օրերուն կը յիշատակենք Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնը, լաւ գիտեմ Վիէթնամի եկեղեցւոյ մեծ սէրն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ Հռոմի եկեղեցւոյ՝՝ ։

՜՜Սիրեցեալ եղբայրներ եպիսկոպոսութեան մէջ,ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, մի քանի օր առաջ հռչակեցի քահանայական տարին, անիկա առիթ կ'ընծայէ որ ի յայտ դրուի քահանայական կարգի մեծութիւնն ու գեղեցկութիւնը։ Իմ գորովալիր ողջոյնը տարէք ձեր քահանաներուն, սիրեցէք զանոնք, հոգ տարէք ձեր քահանաներուն եւ օգնեցէք անոնց լրացնելու իրենց կազմաւորումը։ Քահանան որպէսզի հոգեւոր առաջնորդ դառնայ պէտք է զօրացնէ իր հոգեւոր կեանքը ու դիմէ սրբութեան, նման Արսի խոնարհ ժողովրդապետին՝՝։

Ապա Նորին սրբութիւնը ըսաւ ՜՜գոհութիւն տանք Աստուծոյ եկեղեցական կոչումներուն համար որ Աստուած ձեր եկեղեցւոյ կը շնորհէ, քաջալերեցէք քահանայական ու կրօնաւորական կեանքի դիմող թեկնածուները՝՝։ Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց եպիսկոպոսները առողջ համագործակցութիւն հաստատելու պետական իշխանութեանց հետ. ՜՜Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները կանչուած են անկեղծօրէն սատարելու երկրին բարգաւաճումին , առանց զայն փռխառինելու՝՝ ըսաւ Սրբզ. Հայրը։

Յայտնենք թէ Վիէթնամի եկեղեցին ներկայիս կը պատրաստուի տօնախմբելու իր նուիրապետութեան հաստատումին 50-րդ տարեդարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.