2009-06-27 13:18:27

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայոց Ս հայրապետ Գրիգոր Լուսաւորիչի գիւտ նշխարաց տօնակատարութիւն Երևանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ ։


Հայոց Ս հայրապետ Գրիգոր Լուսաւորիչի գիւտ նշխարաց տօնակատարութիւն Երևանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ ։

27-Յունիս 2009ին Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի նշխարները գտնելու տօնը։

Այս տօնը հռչակուած էր Երևանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ուխտի օր։

Այս առիթով Մայր եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան մատուցուած՝ Ուխտի Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ տօնական համերգ՝ մասնակցութեամբ՝ Հայորդեաց Տուներու սաներու և Գրիգոր Լուսաւորիչ մանկական երգչախումբի։ Ապա յաջորդեց մատաղի օրհնութիւն և հիւրասիրութիւն։ Ծրագրի աւարտին հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ Լուսաւորչի Կանթեղի ճրագը ։

Ոչ եւս է փրոֆեսոր Մարիօ Վերտօնէ մեծ բարեկամը հայ ժողովուրդին։ Ի լուր հռոմահայերու սիրելի ու հեղինակաւոր բարեկամի մահուան Իտալիոյ եւ ի մասնաւորի Հռոմի հայութիւնը խորապէս յուզուած եւ ցնցուած՝ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն։ Ողբացեալը միշտ մօտ եղած էր հայերուն ու բաժնած հայու գաղափարականն ու մշակոյթը։ Այս առթիւ Իտալիոյ հայութիւնը ընգծելով անոր մարդասիրութիւնը երախտապարտ է ՜՜հայութեան ի նպաստ՝՝ տարած աշխատանքին համար։ Անցեալ նոյեմբերին ՝ Մարիօ Վերտօնէ սիրով մասնակցած էր Հռոմի Հայ հասարակութեան խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովին, մայրաքաղաքի ազգային կեդրոնական մատենադարանին մէջ։ Ան, այս առթիւ անգամ մը եւս դրսեւորեց իր սէրը հանդէպ հայ բանաստեղծութեան, մասնաւորապէս կեդրոնանալով Չարենցի բանաստեղծութիւններու վրայ նաեւ համակրանքն ու յարումը դրսեւորած հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Աստուծմէ կը հայցենք որ զինք արդարներու մէջ դասէ կրկին մեր ցաւակցութիւնները յայտնելով անոր սիրելիներուն ու ընտանեկան պարագաներուն։

Պէյրութի Հռիփսիմեանց վարժարանի մանկապարտիզի բաժնի ամավերջի հանդէսը։

Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարանի մանկապարտէզի բաժնի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 յունիս 2009-ին,վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ քահանայ հայրերու, կրօնաւորուհիներու, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերու, ծնողաց, տիկնանց եւ նախկին սանուհեաց վարչութիւններու ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ բարեկամներու։

Այս առթիւ յայտագիրը կը բովանդակէր մանուկներու հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն իմաստալից եւ խորհուրդ փոխանցող բծախնդիր յայտագիր մը, ներկայացուած՝ աշխուժ երկխօսութեամբ, ներկայացումներով, արտասանութիւններով եւ պարերով եւ այս բոլորը՝ մանուկներու վայել յատուկ գունագեղ զգեստներով։

Շուրջ երկու ժամուան ընթացքին ներկաները ոգեւորուեցան մանուկներու ազգային եւ կենսալից շունչով ու ապագայի խոստմնալից յոյսերով։

Յայտագրի սկիզբը խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ անդրադարձաւ մանուկներու ջամբուած կրթութեան ու դաստիարակութեան, որ առանցքը պիտի դառնայ վաղուան քրիստոնեայ հայ մարդուն։ Ան ընդգծեց դերակատարութիւնը ծնողներուն, որոնք համոզումով ու հաւատքով իրենց զաւակները յանձնած են Հռիփսիմեանց վարժարանին, եւ իբրեւ այդպիսին՝ անոնք կը դառնան վկաներն ու առաքեալները անոր առաքելութեան։ Վերջին բաժնով շնորհաւորեց 36 շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ՝ անձնուէր ուսուցչական կազմերը ան յատուկ կերպով գնահատեց օժանդակ ձեռքերը, որոնք ոչինչ կը խնայեն վարժարանի բարգաւաճման համար՝ ի մասնաւորի տէր եւ տիկին Սարգիս Պուտաքեաններուն, որոնք այս տարի մանկապարտէզի շրջանաւարտները օժտած էին վկայականաց նոր զգեստներով։ Եւ որովհետեւ հանդէսը կը զուգադիպէր ՜՜հայրերու օրուան տօնին՝՝ անիկա վերածուեցաւ գունաբոյր փունջի՝ իւրաքանչիւր հայ հօր սրտին։

Հանդիսութեան աւարտին, վկայականներու բաշխումէն ետք, վկայեալները արտասանութիւններով իրենց երախտագիտական զգացումները յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, քոյրերուն, ուսուցչուհիներուն եւ խոստացան միահամուռ եւ հաստատակամ քայլերով հայօրէն բարձրանալ դէպի անվերջ բարձունքներ։

 







 








All the contents on this site are copyrighted ©.