2009-06-27 13:05:53

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՐԱԶԻԼԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԸ։ ՌՈՒԲԵՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆ՝ ԻՏԱԼԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 25 յունիսին ընդունեց Հայաստանի մէջ Պրազիլի նոր նշանակուած դեսպան Մարսելա Մարիա Նիքոտեմոսը՝ որ ներկայացուցած է իր հաւատարմագրերը։ Շնորհաւորելով տիկին Նիքոտեմոսը նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին դիւանագիտական առաքելութեան կատարման գործին համար եւ յոյս յայտնեց, որ բարեկամ Պրազիլի նոր դեսպանը իր կարեւոր ներդրումը ունենայ երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման գործին մէջ։ Իր կարգին, դեսպան Նիքոտեմոս նշեց, որ Պրազիլ յատուկ համակրանքով կը վերաբերի Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, եւ իր երկրին իշխանութիւնները մտադիր են գործուն քայլերու դիմելու Հայաստանի հետ համակողմանի համագործակցութեան զարգացման համար։ Հանդիպման ընթացքին Է. Նալբանդեան եւ Մ. Նիքոտեմոս քննարկեցին քաղաքական երկխօսութեան եւ փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացման, տնտեսական եւ մշակութային համագործակցութեան, իրաւական-պայմանագրային դաշտի ընդլայնման եւ միջ-խորհրդարանական կապերու աշխուժացման հետ կապուած հարցեր։ Իսկ Ռուբեն Կարապետեան անուանուեցաւ Հայաստանի Նոր Դեսպան՝Իտալիոյ Կառավարութեան մօտ,որ այս ուղղութեամբ յայտնած է իր հաւանութիւնը։ Ծնած Հայաստան 1963ին Կարապետեան ամուսնացած է եւ հայր աղջիկ զաւակի մը,նախ քան իր այս նոր պաշտօնը ան կը ներկայացնէր Հայաստանը՝Եգիպտոսի Կառավարութեան մօտ։

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՆՈՐ ԲԱՆԱՁԵՒԸ։ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը 24 Յունիսի ուշ երեկոյեան որդեգրեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութեան մասին թիւ 1677 բանաձեւը։ Որդեգրուած բանաձեւին մէջ վեհաժողովը, մասնաւորապէս կ'ընդծէ, որ իր կողմէն Հայաստանի վերաբերեալ 2008 թուականին որդեգրուած թիւ 1609 եւ 1620, ինչպէս նաեւ այս տարի որդեգրուած թիւ 1643 բանաձեւերուն մէջ արտացոլած պահանջները եւ առաջարկները Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած քաղաքական տագնապի յաղթահարման յստակ եւ իրատեսական ճամբու քարտէս են, հետեւաբար՝ ամբողջութեամբ ուժի մէջ կը մնան։ Վեհաժողովը կ'ողջունէ Հայաստանի մէջ յայտարարուած համաներումը։ Նշելով, որ անոր իբր արդիւնք Մարտ 1-ի դէպքերուն կապակցութեամբ մեղադրուող կամ դատապարտուած ոչ բոլորը ազատ պիտի արձակուին, վեհաժողովը կը վստահեցնէ, որ պիտի հետեւի համաներման շրջանակէն դուրս մնացած գործերուն հետ կապուած հետագայ զարգացումներուն։ Անդրադառնալով Մարտ 1-ի դէպքերու հետաքննութեան, վեհաժողովը ափսոսանք կը յայտնէ Փաստահաւաք խումբի գործունէութեան դադրեցումին գծով եւ կոչ կ'ուղղէ խումբի նախկին անդամներուն իրենց եզրակացութիւնները ներկայացնելու նոյն հարցով ստեղծուած խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնախումբին։ Վեհաժողովը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ այն հարցով, որ 1 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններուն պատճառով զոհուած 10 անձերու մահուան հանգամանքներուն քննութիւնը ընդհանուր դատախազին կողմէն առայժմ որեւէ յստակ արդիւնքի չէ յանգած եւ էական կը նկատէ, որ այդ հետաքննութիւնը իր աւարտին հասնի առանց հետագայ ձգձգումներու։

ԼՈՆՏՈՆ-ԱՆԳԼԻԱ։ ՈՒԻՄՊԼԸՏԸՆԻ ԹԷՆԻՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ 122 ՏԱՐԵԿԱՆ։ Այս օրերուն Լոնտոնի մէջ տեղի կ՝ունենայ Մեծ Սաղաւարտ շարքի առաջինը նկատուող Ուիմպլըթընի մրցաշարքը. 1877 թուականին սկիզբ առած այս մրցաշարքը ամէնահեղինակաւորն է եւ ամէնապահպանողականը։ 122 տարուայ ընթացքին գրեթէ ոչ մէկ փոփոխութիւն եղած է,միայն այս տարի աւանդապաշտ անգլիացիները վերջապէս որոշեցին կեդրոնական դաշտը ծածկել շարժուն տանիքով , որպէսզի անձրեւը պատճառ չըլլայ,ինչպէս մինչեւ հիմա կը պատահէր հանդիպումներու ձգձգման։








All the contents on this site are copyrighted ©.