2009-06-26 13:06:45

Լուրեր հայկական կեանքէն

Իգնա Սարըասլան՝ Համաշխարհային Գրողներու Միութեան Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ


Իգնա Սարըասլան՝ Համաշխարհային Գրողներու Միութեան Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ

ՊՈԼԻՍ.- Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի նշանաւոր «Մայրամուտի Թոտորի» խորագրեալ երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը, որ քանիցս հայերէն ու թրքերէն լեզուներով բեմադրուած էր Պոլսոյ զանազան բեմերուն վրայ, այժմ լոյս տեսած է հայերէն ու թրքերէն լեզուներով։

 «Պօղազիչի» Համալսարանի հրատարակչատան «Միմէսիս» պարբերաթերթը, իր 15րդ թիւին մէջ հրատարակած է բանաստեղծութեան հայերէն ամբողջական բնագիրն ու Պերճուհի Պէրպէրեանի կողմէ իրագործուած թրքերէն թարգմանութիւնը։

 Թատրոնի, թարգմանութեան ու ուսումնասիրութեան ակադեմական պարբերաթերթ «Միմէսիս»ը, որ գրեթէ տարին մէկ անգամ լոյս կը տեսնէ, մօտաւորապէս 500 էջերէ բաղկացեալ տարեգիրքի մը տարողութիւնը ունի։

 Հաւանաբար առաջին անգամն է որ, թրքերէն լեզուով լոյս տեսնող պարբերականի մը մէջ կը հրատարակուի այսքան երկարաշունչ հայատառ հայերէն բանաստեղծութիւն մը։

 Նաեւ, թուրք մամուլէն հաճոյքով կը տեղեկանանք, թէ պոլսահայ բանաստեղծուհի Իգնա Սարըասլան անդամ ընտրուած է Համաշխարհային գրողներու միութեան Պատուոյ խորհուրդին, որ կը գործէ միութեան վարչութեան առընթեր։

՝՝Հայկական մշակութային ժառանգութեան Երեւոյթները՜՜ խորագրով Ցուցահանդէս Անգլիոյ մէջ։

Կազմակերպութեամբ՝ Մեծն Պրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Տը չըլտրըն - Արմինիըն ընկերութեան, Յունիս 2-14 Հայ Վիքըմ քաղաքի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական մշակութային ժառանգութեան երեւոյթները խորագրով ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին հայկական պատմամշակութային կոթողներ, ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն դրուագներ ներկայացնող աւելի քան 70 լուսանկարներ եւ հայկական տառարուեստը պատկերող նմուշներ։

Կապոյտ Գիրքը» Հրապարակ Կ՛իջնէ Լոնտոնի Եւ Անգարայի Մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող՝ Ճէյմզ Պրայսի ու Առնոլտ Թոյնպիի «Կապոյտ Գիրքը» գործին թրքերէն թագմանութիւնը միաժամանակ հրապարակ պիտի իջնէ 26 Յունիս 2009-ին, Լոնտոնի եւ Անգարայի մէջ: Այսպէս կը տեղեկացնէ «Կոմիտաս» հիմնարկը։ Յիշեցնենք, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը 2005ին «քարոզչական հրատարակութիւն» որակած էր այս գործը։ Լորտ Արչըր, լորտ Պիֆֆըն եւ լորտ Աւընպըրի 12 հոկտեմբեր 2005-ին Ուեսթմինիսթըրի մէջ բրիտանացի խորհրդարանականներու ժողով մը կազմակերպած էին՝ պատասխանելու համար Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամներուն ուղղուած դիմումին, որով ՜՜ 1916-ի բրիտանական խորհրդարանի Կապոյտ գիրքին վաւերականութիւնը հարցականի տակ կառնէր զայն որակելով (ինչպէս ըսինք) «քարոզչական հրատարակութիւն» ՝՝։ Բրիտանացի խորհրդարանականները եզրակացուցած են, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը Կապոյտ գիրքէն բաւարար տեղեակ չէ, ուստի 27 յունուար 2006-ին Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին դիմում մը ուղղած են՝ իրենց թուրք պաշտօնակիցները հրաւիրելով դէմ առ դէմ քննարկումի ՜՜Կապոյտ գիրքին՝՝ վերաբերեալ, սակայն որեւէ պատասխան չէին ստացած։ Բրիտանիոյ խորհրդարանականները եզրակացուցած են, որ թուրք երեսփոխանները բաւարար տեղեկութիւն չունին սոյն՝ ՜՜Կապոյտ գիրք՝՝ին մասին, ուստի առաջարկուած է, որ Կոմիտաս հիմարկը ստանձնէ այդ գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը ։ Լորտ Աւընպըրի եւ Արա Սարաֆեանի ՜՜Կապոյտ գիրքին՝՝ թրքերէն թարգմանութիւնը պիտի հրապարակեն ուրբաթ, 26 Յունիս 2009-ին, Անգարայի մէջ։ Ձեռնարկը կը վայելէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան եւ Մտքի ազատութեան ընկերակցութեան հովանաւորութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.