2009-06-25 13:07:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Հինգշաբթի 25 յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

Մալթայի իշխանապետութեան իշխանը Վսեմաշուք ֆրա Մատթէոս ֆեսդինգ,

Վիէթնամի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին եւ

Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնող բարեսիրական մարմիններու ժողովին մասնակցողները։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան հայրը յիշելով Պօղոս առաքեալի խօսքը սիրոյ մասին, ըսաւ. ՜՜Հեթանոսներու Առաքեալը կը հաստատէ թէ Քրիստոսի աշակերտի համար սէրը պէտք է գերազանցէ բոլոր առաքինութիւնները։ Սէրը Եկեղեցւոյ ծառայութեան ամենէն բեղուն աղբիւրն է, անոր չափանիշը, մեթոտն ու ճշտումը։ Դուք ձեր պատրաստակամութիւնը ցոյց տալով Հռոմի Պապին՝ Ս. Պետրոսի յաջորդին, որպէսզի ինք եւս իր կարգին օգնութեան հասնի Ս. Երկրի եւ արեւելեան Եկեղեցիներուն, կ'ապրիք այս սէրը որու մասին կը խօսի Պօղոս առաքեալը։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ շարունակէք բերել ձեր հոգեւոր ու նիւթական սատարը ։ Կրկին երախտապարտ եմ ձեր տարած աշխատանքին համար, թող Ամենակալ Տէրը կրկնապատիկ կերպով վարձատրէ ձեզ եւ իմ օրհնութիւնը կու տամ ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն՝՝։



Վիէթնամի Եկեղեցւոյ առաջնորդները ներկայիս Հռոմ կը գտնուին կատարելու հինգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին`

Այս առթիւ Վիէթնամի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը արքեպիսկոպոս Բիեռ Նըկիէն Վան Նհոն հետեւեալ տեղեկութիւնները տուաւ Վիէթնամի Եկեղեցւոյ մասին ''փոքր քայլերով Վիէթնամի Եկեղեցին կը յառաջանայ երկխօսութեան ու համագործակցութեան ուղիին վրայ''։

Վիէթնամի Եկեղեցին ծնունդ առաւ հինգ դար առաջ, յատկանշուած իր առաջին քարոզիչներու ու հաւատացեալներու քաջութեամբ ու կեանքի վկայութեամբ, որոնք կրեցին թէ հալածանք եւ թէ բռնութիւն Աւետարանի քարոզութեան սիրոյն։ Եկեղեցի մը յատկանշուած նաեւ հաւատացեալ աշխարհականներու գործօն մասնակցութեամբ ու նուիրումով։ Եկեղեցի մը որ կը կրէ իր մէջ նշանները երկրի դառն բաժանումին, որուն ականատես եղանք վերջին տասնամեակներուն, սակայն օրէ օր ''փոքր քայլեր կատարելով կը յառաջանայ երկխօսութեան ու համագործակցութեան ուղիին վրայ''։

Քրիստոսի Աւետարանի առաջին սերմերը ցանուեցան Վիեթնամի մէջ 1533ին։ Վիէթնամի Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը կազմուեցաւ 1960ին երբ երկիրը քաղաքականօրէն բաժնուած էր։ Երբ 1975ին Վիէթնամը իր միութիւնը գտաւ, կարելի եղաւ, 1980ին՝ կազմել եպիսկոպոսական համահաւաք դասը։ Ս. Աթոռի պատուիրակութեան կանոնաւոր տարեկան այցելութիւնները Վիէթնամ, մեր Եկեղեցւոյ բերաւ լոյս եւ յոյս։ Ս. Աթոռի մնայուն ներկայութիւնը կը հարթէ ճամբան, մեր հանդիպումներուն եւ երկխօսութեան, քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Վիէթնամի կաթողիկէ եկեղեցին բարի կապեր հաստատած է կրօնական այլ դաւանանքներու հետ եւ մասնաւորապէս պուտտայականութեան հետ։ Ընդհանուր առումով փոխադարձ յարգանք կը տիրէ բոլոր հաւատացեալներու միջեւ քանի որ ամէնքը նոյն դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին, սակայն տակաւին կը պակսին կապեր հոգեւոր ու մտաւորական մակարդակի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.