2009-06-25 13:07:52

Կրօնաբարոյական հարցեր «Ներսդ Ու Դուրսդ Գիտեմ»


Կրօնաբարոյական հարցեր «Ներսդ Ու Դուրսդ Գիտեմ»

Հոգեւորական մը կը պատմէր, թէ ինչպէս իր հաւատացեալներէն անձ մը կը վախնար վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելու: Ի վերջոյ հոգեւորականը կը յաջողի համոզել զայն, որ որոշուած օրը հիւանդանոց ներկայանայ ու հնազանդի բժիշկներու հրահանգներուն: Հիւանդին այդ որոշման գալը սակայն, պայման մը ունէր նոյնինքն հիւանդին կողմէ. այն էր, որ այդ հոգեւորականը պէտք է գործողութեան սենեակին մէջ մնար ամբողջ գործողութեան ընթացքին, նոյնիսկ երբ զինք նուաղեցնէին: Հիւանդը այնպէս կը զգար, որ անոր ներկայութիւնը հոգեպէս զինք պիտի կազդուրէ եւ գործողութեան տոկալու զօրութիւն տայ իրեն: Համաձայնութիւնը կը գոյանայ, ու վիրաբուժական գործողութիւնը կ’աւարտի լաւ արդիւնքով: Բնականօրէն, գործողութեան պահուն վերոյիշեալ հոգեւորականը հետեւած էր բժիշկներու աշխատանքին եւ նոյնիսկ որոշ ժամանակ նայած իր հաւատացեալի մարմնի ներքին գործարաններուն՝ սրտին, թոքերուն, աղիքներուն, եւայլն: Այնուհետեւ սակայն, հոգեւորականը զանազան առիթներով, հաճելի զրուցակիցներու ներկայութեան, անոր կը դառնար ու կ’ըսէր. Քու ներսդ ու դուրսդ գիտեմ:

...Երեւցած խաբուսիկ փոփոխութիւնը տեսնելով, երբեմնի հաւատացեալ ու հաւատարիմ անձեր կ’իյնան աղանդաւորներուն որջերը, մոռնալով իրենց հայրերու լոյս հաւատքն ու իրենց մայրենի եկեղեցին: Այդ միամիտ մարդոց մտքին մէջ հիմնական գաղափարը, որ կը կազմուի աղանդաւորական շարժումի ղեկավարին մասին, այն կ’ըլլայ, թէ այդ մարդը իր դիմացը ելլողներուն «ներսը ու դուրսը» կրնայ գիտնալ: Այսպէս, ան իր որսերուն հետ երկար հարցազրոյցներ ունենալէ ետք, երբ արդէն անոնց կեանքին մանրամասնութիւններուն կը տեղեկանայ անձնապէս եւ իր արբանեակներուն միջոցաւ, կը վստահեցնէ զանոնք, թէ պիտի յայտնէ, թէ ովքե՞ր են իրենց թշնամիները: Ո՞վ պիտի չուզեր իմանալ, թէ այս կեանքին մէջ ովքե՞ր իր բարօրութեան եւ ուրախութեան հակառակ են եւ նոյնիսկ կը ջանան վնասել իրեն ի ծածուկ: Այդ մասին կարգ մը միամիտներու տուած «վկայութիւն»ներն ալ կը քաջալերեն ղեկավարը, որ «Քաջ Նազար»ի կտրիճութեամբ, իր մօտ եկողներուն աչքերուն մէջ սեւեռէ օձի խոր նայուածք մը, երբեմն կիսախուփ կոպերու եւ թարթիչներու մէջէն փայլող, իբրեւ թէ աւելի խորհրդաւոր դարձնելով «հանդիպում»ը նոր որսի մը հետ եւ յայտնէ՝ անոր ունեցած թշնամիներուն անուանացանկը:

Մարդոց «ներսը ու դուրսը» ճանչնալը այս պարագային պէտք է հակառակ ուղղութեամբ ալ կիրարկել: Այսինքն, մենք որպէս հաւատացեալ ու հաւատաւոր անձեր մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը՝ հաւատքը, մեր հայրերու մեկնաբանական ամբողջ գրական ժառանագութիւնը, ծիսական արարողակարգը լաւապէս ճանչնանք, որպէսզի կարենանք գառնուկի մորթով գայլերու ներսը ճանչնալ եւ ջրել անոնց խելապատիկէն դուրս եկած այլանդակ մտածումները:

Մարդոց ներսն ու դուրսը ճանչնալէ ետք, քրիստոնեան ունի նաեւ այլ պարտականութիւն մը. այն է՝ քաջաբար յայտարարել վտանգաւոր անձերուն ինքնութիւնը, փրկելու համար Քրիստոսի Բանաւոր Հօտը: Քրիստոնէութիւն եւ տկարութիւն իրարու հակադիր գաղափարներ են: Բացէ՛ք քրիստոնէական առաջին դարերու պատմութեան էջերը եւ կարդացէ՛ք սուրբերուն կրած նեղութիւնները: Անոնցմէ ո՛չ մէկը տանջուած, տառապած ու նահատակուած պիտի ըլլար, եթէ տկար գտնուէր իր քրիստոնէական հաւատքի յայտարարութեան պահուն: Տկարութիւն բառը քրիստոնէութեան բառարանէն դուրս կը մնայ, երբ շրջապատուած ենք այսքան վկաներու բազմութեամբ, ինչպէս կ’ըսէ առաքեալը (հմմտ. Եբր. 12.1):

Ճիշդ է, մարդուն «ներսն ու դուրսը» միայն Աստուած կրնայ ճանչնալ, սակայն իր Եկեղեցւոյ հաւատարիմ անձերուն նաեւ Աստուած կը յայտնէ վերահաս վտանգները: Ան իր Աստուածային նախախնամութեամբ կը թոյլատրէ նոյնիսկ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ձեռքով յայտնաբերուին այդ գայլերը, որոնք Քրիստոսի բանաւոր հօտը օձտելու (քայքայելու) կը միտին: Յայտնաբերել չի՛ բաւեր միայն, այլ պէտք է զանոնք պախարակել բոլորին դիմաց: Որովհետեւ անոնց հիմնական նպատակն է Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու խումբը քայքայել, անոնց մէջէն ընտրելով միամիտներ, օգտագործելու համար զանոնք Եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին դէմ հաւասարապէս: Ինչ որ բաժանում կը յառաջացնէ տուեալ հաւաքականութեան մէջ, չար կրնայ ըլլալ միայն:

Աղօթքը ամէնէն զօրաւոր միջոցն է ճանչնալու այդպիսի աղուէսներուն «ներսն ու դուրսը» եւ կասեցնելու անոնց քանդիչ յառաջխաղացքը, ի շահ Քրիստոսի հիմնած Սուրբ Եկեղեցիին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.