2009-06-25 14:55:38

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԿԸ ՇԵՇՏԵՆ ՝՝ՄԵԶ ԿԸ ԿԱՊԵՆ ԴԱՐԱՒՈՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵԼԵՐԸ՝՝։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով,երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի, իր կնոջ՝ Սանտրա Ռուլովսի հետ։Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Միխայիլ Սահակաշվիլիի դռնփակ հանդիպումը։ Երկու երկիրներու ղեկավարներու առանձնակի հանդիպման յաջորդեց պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը , նախագահներուն մասնակցութեամբ։ Նշելով, որ աշխարհի մէջ շատ չեն այն ժողովուրդները, որոնք կրնան հպարտանալ այնպիսի երկարատեւ ու բարի դրացիական յարաբերութիւններով, որոնք գոյութիւն ունին հայ եւ վրացի ժողովուրդներու միջեւ, նախագահ Սարգսեան ըսաւ ՝՝մենք պարտաւոր ենք բազմապատկել այն, ինչ որ մենք ժառանգած ենք մեր նախնիներէն՝՝։Նախագահները նշեցին, որ յաճախակի հանդիպումներն ու բանակցութիւնները կօգնեն արագ յստակացնելու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը եւ անոնց լուծման ուղիները։ Բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան Վրաստանի տարածքով՝ բեռնափոխադրումներուն, երկկողմանի հաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան զարգացման, նաեւ կրթամշակութային համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Նաեւ խօսուեցաւ հայ-վրացական սահմանի ճշդման գործընթացին մասին։ Հանդիպման աւարտին Ս. Սարգսեան Միխայիլ Սահակաշվիլին պարգեւատրեց Պատուոյ Շքանշանով, որ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն տրուող Հայաստանի բարձրագոյն Պետական Պարգեւն է։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ չէ շրջանցուած Վրաստանի հայ համայնքին խնդիրը։ Ս. Սարգսեան ողջունեց Վրաստանի կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը՝ Ջաւախքի մէջ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու, ենթակառոյցները բարելաւելու եւ նոր աշխատատեղեր ստեղծելու ուղղութեամբ։ ՝՝Մենք մեր կողմէն պատրաստ ենք սատարելու այս գործընթացին՝՝ յայտարարեց Հայաստանի նախագահը։ Նշենք որ լրագրողներուն կարելիութիւն չէ տրուած հարցում ուղղել Մ.Սահակաշվիլիին Ջաւախքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ, փոխարէնը սակայն Վրաստանի նախագահի խորհրդական Վան Բայբուրդ, պատասխանելով հայկական դասագիրքերը Ջաւախք տեղափոխելու արգելքներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու վերա-որակաւորման խնդիրներուն վերաբերող հարցումին, ըսաւ թէ ՝՝թերեւս թիւրիմացութիւն եղած է, որովհետեւ նման հրաման չէ եղած՝՝։Երէկ, Հայաստանի նախագահի նստավայրին առջեւ ՝՝Միտք՝՝ վերլուծական կեդրոնը մտադիր էր բողոքի ցոյց մը կատարել Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի Երեւան այցելութեան առիթով։ Երբ ցոյցին կազմակերպիչները փորձած են պաստառները փակցնել, ոստիկանները արգելք հանդիսացած են անոնց։ Թէեւ բողոքի ցոյցը ձախողած է սակայն կազմակերպիչները մտադիր են ցոյցեր կազմակերպել Երեւանի այլ շրջաններուն մէջ։

ԹԵՐԻ ՏԷՅՎԻՍ ՝՝ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄՈՎ՝՝ ՄԱՐՏ 1-Ի ԷՋԸ ՉԷ ՓԱԿՈՒԱԾ(Կ'ԸՍԷ)։ Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թերի Տէյվիս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ համաներում յայտարարելէ ետք ձերբակալեալներու ազատ արձակումով Մարտ 1-ի էջը չէ փակուած։ Երեքշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տէյվիս խօսեցաւ շրջանին եւ մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած դէպքերուն մասին։ Ըստ Թերի Տէյվիսի, բռնութիւնները կը վկայեն քաղաքական մշակոյթի պակասին մասին։ Հայաստանի Ազգային ժողովի 19 յունիսի Համաներում յայտարարելու մասին որոշումին համաձայն, 23 յունիսի դրութեամբ, Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական հիմնարկներէն ազատ արձակուած են 103 հոգի։ Միւս կողմէ Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արսէն Բաբայեանի համաձայն, 4 այլ անձերու պատժաչափերը կրճատուած են։

Երեւանի Մէջ Պիտի Կայանան Համահայկական 4 Համաժողովներ։

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը, Սահմանադրական Դատարանին հետ համատեղ, Սեպտեմբեր 19-20ին Երեւանի մէջ պիտի գումարէ Հայ Իրաւաբաններու, Դրամատան Պաշտօնեաներու, Ելեւմտագէտներու եւ Գործարարներու Համահայկական Համաժողովը։ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, լրագրողներու հետ իր հանդիպման ընթացքին նշած է, որ Նախարարութիւնը արդէն իսկ կ՛ընդունի մասնակցութեան համար աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական գաղթօճախներէն եկած դիմումները, եւ այդ նպատակով կը համագործակցի արտերկրի մէջ գործող ՀՀ Դեսպանատուներու եւ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.