2009-06-22 14:48:27

Պէյրութի Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Սիրտ Յիսուսի նուիրուած պատարագ


Կիրակի, 21 Յունիս 2009-ի երեկոյեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սիրտ Յիսուսի նուիրուած՝ Հայածէս ձայնաւոր Ս. պատարագ հանդիսապետութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ, շեշտեց, թէ ամէն տարի կը նշուի Սիրտ Յիսուսի տօնը՝ վերանորոգելու համար մեր քրիստոնէական համոզումները եւ արտայայտելու՝ մեր հաւատքը։

Ան նկատել տուաւ, որ այս տօնը սկիզբ առած է 1675-ին։

Քրիստոսի սէրը (աւելցուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը) մեզի կարողութիւն կու տայ սիրելու մեր ընկերները եւ անոնց կարիքին համար ի սպաս դնելու մեր կարողութիւնները՝ անշահախնդիր կերպով։

Մեր հայրերը եւ մայրերը, նաեւ մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը հաւատացին Յիսուսի անսահման սիրոյն եւ ընդունեցին անոր կամքը՝ առանց վարանելու, եւ փոխանակեցին Քրիստոսի սէրը մարդկային սիրով՝ անոր ընծայելով նոյնիսկ իրենց կեանքը 94 տարի առաջ, շեշտեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ երանելի Իգնատիոս արք Մալոյեան յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Յիսուսի նկատմամբ, ինչ որ զինք պատրաստեց նահատակութեան՝ 15 յունիս 1915-ին, Սիրտ Յիսուսի տօնին։ Ան յայտնեց, որ Յիսուսի այս սիրտը այնքան սիրեց մարդիկը, որ ոչինչ խնայեց իր սէրը անոնց արտայայտելու, սակայն երախտագիտութեան տեղ ստացաւ արհամարհանք եւ անարգանք։ Եզրակացնելով իր խօսքը՝ պատրիարքը հաստատեց, թէ հաւատք ունեցողը կը գնահատէ Աստուծոյ սէրը իրեն նկատմամբ, բարիք կընէ առանց ցուցամոլութեան եւ խոնարհ կըլլայ։

Յաւարտ Ս պատարագի, ամենասուրբ հաղորդութեան թափօր տեղի ունեցաւ Պէյրութի հայաշատ թաղամաս՝ Պուրճ Համուտի ներքին փողոցներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.