2009-06-22 14:47:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Սան Ճoվաննի Ռոդոնտօ


Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Սան Ճoվաննի Ռոդոնտօ` լռելեայն աղօթք մը Բատրէ Բիոյի անաղարտ մարմնին առջեւ եւ Նորին Սրբութեան կոչը, հիւրընկալելու՝ պատերազմէն, հալածանքէն եւ բնական աղէտներէն հեռացած՝ ՜՜փախստականները՝՝։

''Հոգիները առաջնորդել եւ ամոքել տառապեալներու ցաւերը'' այս խօսքերով կարելի է համառօտել Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 15-րդ հովուական այցելութիւնը՝ զոր կատարեց Սան Ճօվաննի Ռոդոնտօ` Բատրէ Բիոյի սրբավայրը ։ Աւելի քան 50 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Նորին Սրբութիւնը իր մատուցած պատարագին ընթացքին, պարզեց սուրբին կեանքն ու առաքելութիւնը, հոգիներու փրկութեան համար։

Բատրէ Բիօ, իր բոլոր կեանքը կեդրոնացուց պատարագին վրայ։ Պատարագը եղաւ սկիզբը իր քահանայական կոչումին, ոյժը իր կեանքի վկայութեան, եւ ,պսակումը իր զոհաբերումին։

Ո՞վ է Բատրէ Բիոն։

Պարզ մարդ մը, ընտանիքով համեստ, բռնուած՝ Յիսուս Քրիստոսէ, որպէսզի իր կարգին ինք եւս դառնայ ընտրեալ միջոց մը խաչի մշտատեւ զօրութեան. ՜՜Զօրութիւն սիրոյ, ներումի, հաշտութեան, հոգեւոր հայրութեան, ու տառապեալներու ճշմարիտ զօրակցութեան, ի սպաս հոգիներուն՝՝։ Ան իր մարմնի վրայ կը կրէր Յիսուսի հինգ վէրքերը, որոնք սերտօրէն միացուցին զինք Խաչեցեալ-Յարուցեալին։ Ան եղաւ ճշմարիտ հետեւորդը սուրբ ֆրանչիսքոսին։ Ան, Պօղոս առաքեալի նման, իր կեանքին ընթացքին կարողացաւ բացագանչել. ''Ես խաչուած եմ Քրիստոսի հետ։ Այլեւս ես չեմ որ կ'ապրիմ, այլ` Քրիստոս կ'ապրի իմ մէջ՝՝։

Ապա Նորին սրբութիւնը զգուշացուց Բատրէ Բիոյի ժառանգորդ՝ կրօնաւորները աշխարհիկ զբաղումներէն։ Եկեղեցականը, կանչուած է նախ եւ առաջ, ըլլալու՝ ՜՜աղօթքի մարդ, միշտ պատրաստ Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ ապա եղբայրներուն օգնութեան հասնելու՝՝։

Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ ՜՜փախստականներու հիւրընկալութեան՝՝ ի խնդիր։

Յետմիջօրէին, Սրբազան Հայրը այցելեց փախստականները . անոնք յաճախ պարտադրուած են գաղթելու, հեռանալով՝ իրենց տունէն պատերազմի, հալածանքի կամ բնական աղէտներու հետեւանքով , եւ ապաստանելու՝ Բատրէ Բիոյի հիմնած հիւանդանոցը։

Իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ցաւի խորհուրդին մասին, որ տրամաբանականօրէն անբացատրելի է, եւ մարդը ի վիճակի չէ ջնջելու չարին ոյժը։ Միմիայն Աստուած կարող է ջնջել չարին իշխանութիւնը։

Յիսուս աշխարհ եկաւ, յայտնելու մեզի Աստուծոյ փրկչագործութեան ծրագիրը. հաւատքը մեզ կ'օգնէ, ըմբռնելու՝ տառապանքին իմաստը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը Բուլիայի եկեղեցականներուն հետ կատարեց երեկոյեան ժամասացութիւնը։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, ան խօսեցաւ քահանայական տարւոյն մասին, խնդրելով՝ Բատրէ Բիոյի բարեխօսութիւնը որպէսզի քահանաները սուրբ ըլլան եւ իրենց աւետարանական վկայութեամբ՝ ամրապնդեն քրիստոնեաները հաւատքին մէջ։ Բարի օրինակը լաւագոյն դպրոցն է մարդիկը Քրիստոսին քաշելու։

Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, որոնք թիրախ են գործազրկութեան, Սրբազան Հայրը ըսաւ ՜՜մի յուսալքուիք, Եկեղեցին ձեզի հետ է, դուք ալ մի հեռանաք Եկեղեցիէն։ Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի, կազմելու համար քրիստոնեայ ողջ հասարակութիւն մը, եւ եթէ կ'ուզէք մեծ սիրտ ունենալ, ընթացէք Յիսուսի ետեւէն։ Յիսուս բնաւ ձեզ յուսախաբ չի ձգեր՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով՝ ՜՜Բատրէ Բիոյի նման եղէք հաւատարիմ բարեկամները Քրիստոսի՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.