2009-06-22 14:48:13

Կրօնական գիտելիքներ

Կիրակի 21 Յունիս 2009 Գ. Կիրակի Պենտեկոստէի

Բարեկենդան Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ( 21-27 Յունիս 2009)


Բարեկենդան կը կոչուի շաբաթապահքերը յառաջող վերջին ուտիք օրը։

՜՜Բարեկենդան՝՝ բառը ՜՜բարի՝՝ եւ ՜՜կենդանութիւն՝՝ բառերէն կազմուած կը թուի ըլլալ եւ քիչ մը աւելի ՜՜կերակուրներու ուրախութիւն ընելէն՝՝ առնուած է. պահ մը՝ որով ներեալ է ուտիքը ճոխացնել։

Մեր տօնացոյցին մէջ նախքան պահքը սկսիլը նշանակուած՝ բարեկենդաններն են. Առաջաւորաց Բարեկենդան - Եղիական Պահոց Բարեկենդան - Լուսաւորչի Բարեկենդան

Վարդավառի Բարեկենդան- Աստուածածնի Բարեկենդան- Խաչի Բարեկենդան

Վարագայ կամ Ս. Գէորգի Բարեկենդան- Յիսնակաց Բարեկենդան -Ս. Յակոբայ Բարեկենդան եւ՝ Աստուածայայտնութեան կամ Ծննդեան Բարեկենդան։

Ամէնքը կիրակի օրուայ կը հանդիպին բացի վերջինէն այսինքն՝ Աստուածայայտնութեան կամ Ծննդեան Բարեկենդանէն քանի որ տօնը նոյն թուականին տօնուելով հանդերձ շաբթուայ նոյն օրուան չի հանդիպիր։



Պենտեկոստէի Բարեկենդանի յաջորդող օրը (երկուշաբթի 22 Յունիսին) տօնն է Սուրբ Եպիփան կիպրացի հայրապետին

Ան եպիսկոպոսն էր Կիպրոսի Սալամինա քաղաքին որ կը կոչուէր նաեւ Կոստանցա, եւ համբաւաւոր եղաւ իբրեւ եկեղեցւոյ արեւելեան հայրերէն մին։

Եպիփան բնիկ փիւնիկցի էր, Ելեւթերոպոլիս քաղաքէն հրեայ։

Ան քրիստոնեայ միայնակեացներու կեանքէն խորապէս տպաւորուելով, ինք եւս մկրտուեցաւ եւ իր սրբակրօն կեանքով պատկառելի դարձաւ ամենուն։

Բարեկամ էր Հիլարիոնի, Հերոնիմոսի եւ Ոսկեբերանի։

Արիոսեանները որոնք ամէն ճիգ կը թափէին ուղղափառ եպիսկոպոսները իրենց աթոռներէն հեռացնելու համար երբեք չուզեցին որ Եպիփան հեռանայ Սալամինայէն։ Ան անդադար գրեց եւ քարոզեց իր դարուն եւ նախընթաց դարերու հերետիկոսութեանց, մասնաւորապէս Արիոսեանց եւ Որոգինէսի հետեւողներուն դէմ։ Իր գործերէն ՜՜Գիրք Հերձուածոցը՝՝ եւ մեկնաբանական բազմաթիւ ճառեր, վաղուց թարգմանուած են Հայերէնի։ Վախճանած է 403 թուին, յառաջացած տարիքի մէջ ։



Երեքշաբթի (23 Յունիսին) տօնն է Կոստանդիանոս թագաւորի եւ անոր մօրը Հեղինէի։

Կոստանդիանոս կայսրը ծնած էր Տարտանիոյ Նիշ քաղաքին մէջ 274-ին կայսր հռչակուած 306-ին։ Ան անձամբ շրջած էր այն բոլոր գաւառները որոնք իրեն հնազանդած էին, յաղթեց Մաքսենտիոսի. այս յաղթանակը որ կ՝ըսէ Եւսեփիոս, իրեն խոստացուած էր ՜՜Այսու Յաղթեսցես՝՝ լուսեղէն վերտառութիւնը կրող Խաչի երեւումով մը երկնքի վրայ։

Ինք արտօնած էր քրիստոնեաները ազատօրէն ապրելու իրենց կրօնքը, վերադարձնելով անոնց, իրենց բոլոր աղօթարանները 313-ին։ Գումարել տուած էր Հռովմի եւ Արլէսի երկու ժողովները, որոնց մէջ դատապարտուեցան Տօնադեանները։

Աւելի ետք հրաւիրեց եւ գումարել տուաւ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովը որուն ինք եւս ներկայ գտնուեցաւ. այս ժողովին դատապարտուեցաւ Արիոսի աղանդը։ Կոստանդիանոսի հովանաւորութեան տակ դրուեցաւ Քրիստոսի Գերեզմանը Երուսաղէմի մէջ որուն վրայ ինչպէս նաեւ Բեթղեհեմի Այրին եւ Ձիթենեայ լերան վրայ կառուցուեցան հոյակապ տաճարներ։ Ան իր մահէն քիչ առաջ մկրտուեցաւ Նիկոմիդիոյ Եւսեփիոս եպիսկոպոսին ձեռքով։

Կոստանդիանոսի մայրը Հեղինէ թագուհին բացառիկ կարողութեան տէր կին մը մեծ դեր ունեցաւ անոր կեանքին մէջ։



Հինգշաբթի ՝ 25 Յունիս 2009-ին տօնն է Թէոդիտոս վկայի եւ 7 Կոյսերու՝ Տեկուսա, Աղեքսանդրա, Կղոդիա, Փեննա, Եւփրասիա, Մատրոնա եւ Յուղիտայի նաեւ Թալիլա բժիշկին։

Թէոդիտոն կամ Թէոդոտոս ամուսնացած քրիստոնեայ մըն էր Գաղատիոյ Անկիւրիա քաղաքէն եւ գինեվաճառ էր, երբ 303-ին , Դիոկղետիանոսի սկսաւ իր հալաձանքը քրիստոնեաներու դէմ, ան օգտուելով իր արհեստի հանգամանքէն, նուազ կասկածելի ըլլալով՝ ամէն կերպ օգնութիւն կը հասցնէր բանտարկուած քրիստոնեաներուն. կը թաղէր անոնց մարմինները, հաց եւ գինի կը հայթայթէր Ս. Խորհուրդին համար, դարձնելով իր տունը ապաստանարան հալածուածներուն։

Երբ Գաղատիոյ Թէոդեկնոս կուսակալը ջրամոյն մահուամբ նահատակեց 7 Կոյսերը՝ ՝ Տեկուսա, Աղեքսանդրա, Կղոդիա, Փեննա, Եւփրասիա, Մատրոնա եւ Յուղիտան որոնցմէ առաջինը իր մօրաքոյրն էր, ինք քանի մը ուրիշ քրիստոնեաներու օգնութեամբ՝ ամէն հնարք ի գործ դնելով հանեց զիրենք ջուրէն եւ Նահապետաց եկեղեցիին մօտ թաղեց զանոնք։ Երբ իրողութիւնը ի յայտ եկաւ , քաղաքին բոլոր քրիստոնեաները ծանր նեղութեանց ենթարկուեցան, Այն ատեն Թէոդիտոն ինքնամատոյց եղաւ եւ ամենածանր տանջանքներէն հրաշքով ազատելէ ետք նահատակուեցաւ գլխատուելով։

Շաբաթ օրը ( 27 Յունիս 2009-ին) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի՝ Գիւտ Նշխարաց տօնն է։

Ըստ աւանդութեան՝ Ե. դարուն, Լուսաւորչի նշխարը կը գտնուէր Էջմիածին, աջի ձեւին տակ պահուած միշտ Հայոց կաթողիկոսներուն մօտ։

Փոխադրուած է Կիլիկիա ԺԱ դարուն, երբ Կաթողիկոսական Աթոռը այնտեղ հաստատուած էր. անիկա գաղտնօրէն կրկին Էջմիածին բերուեցաւ 1440-ին երբ Աթոռը Էջմիածին վերադարձնելու ծրագիրներ կը մշակուէին։ Անիկա Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր սրբութիւններէն մէկն է որ կը գործածուի Ս. Միւռոնի օրհնութեան ընթացքին։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս ունի իր ՜՜Ս. Գր. Լուսաւորիչի աջը։ Երուսաղէմ կայ շուրջ բթամատի մը մեծութեամբ Սուրբին մասունքը։

Նափոլի քաղաքին մէջ կը գտնուի Ս. Գր. Լուսաւորիչի Գլուխը , որ ըստ աւանդութեանց, պատկերամարտութեան շրջանին Ը. դարուն՝ Ս. Բարսեղի կարգին պատկանող կարգ մը կոյսեր երբ հալածանքի պատճառով հարկադրուեցան հեռանալ Բիւզանդիոնէն ուր փոխադրուած էին, Լուսաւորչի նշխարներէն ոմանց՝ Զենոն Կասեր օրով, իրենց հետ տարին Ս. Գրիգորի գլուխը քանի մը յարակից մասունքներով եւ անոր չարչարանաց գործիքներով. երբ հասան հարաւ Իտալիա, նշխարներէն մաս մը դրուեցան այդ շրջանի Ներետոն քաղաքը. իսկ անոր գլուխը բերած են մինչեւ Նափոլի քաղաքը եւ դրած երեւելի կուսաստանի մը մէջ ուր ապա շինուած է հոյակապ եկեղեցի մը յանուն Ս. Գր. Լուսաւորիչին, ուր կը մնայ եւ կը յարգուի անոր գանկը մինչեւ այսօր, Նշենք թէ Նափոլի քաղաքը կը ճանչնայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, իբրեւ՝ իր պաշտպան սուրբերէն մէկը։

2001-ին քրիստոնէութիւնը հայոց պետական կրօնք հռչակման 1700- ամեակին առիթով Հռոմի Պապը երջանկայիշատակ ՅՊԲ. Լուսաւորչի մասունքներէն պաշտօնական արարողութուններու ընթացքին , նուիրեց ՜՜Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց՝՝ պատրիարքներուն որպէսզի մեծարուին հայ եկեղեցիներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.