2009-06-21 14:16:13

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է


Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է 21



Շնորհակալութիւն քեզի, ով Աստուած՝ մեր Տէրը,

որ քու տեսանելի լոյսովդ ուրախացուցիր մեզ՝

քու բոլոր արարածներդ,

իսկ քու պատուիրաններուդ հոգեւոր լոյսովը

լուսաւորեցիր քեզի հաւատացողները։

Մեզ ալ զօրացուր, Տէր,

որպէսզի կարենանք քու պատուիրաններդ պահել

այսօր եւ ամէն ատեն,

որպէսզի լուսաւորուած միտքով՝

միշտ քու կամքդ կատարենք

եւ քու պատրաստած բարիքներուդ հետ միասին,

մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի

պարգեւած շնորհքովն ու մարդասիրութեամը։

Անոր կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը,

այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս

յաւիտենից ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.