2009-06-21 14:07:37

Յունիս 21ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտոյի սրբավայրը, ուր կը հանգչի հրաշագործ ՜՜Բատրէ Բիօ՝՝ Սուրբին մարմինը։ Սուրբ Բատրէ Բիօ՝ ներկայիս Իտալիոյ ամենասիրելի ու ժողովրդական սուրբն է։ Տարին շուրջ 6 միլիոն ուխտաւորներ կ'այցելեն անոր դամբանը.


Յունիս 21ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտոյի սրբավայրը, ուր կը հանգչի հրաշագործ ՜՜Բատրէ Բիօ՝՝ Սուրբին մարմինը։ Սուրբ Բատրէ Բիօ՝ ներկայիս Իտալիոյ ամենասիրելի ու ժողովրդական սուրբն է։ Տարին շուրջ 6 միլիոն ուխտաւորներ կ'այցելեն անոր դամբանը.

Սրբազան Քահանայապետին Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտօ սրբավայրի, հովուական այցելութեան յայտագիրը.

կիրակի առաւօտեան ժամը 9.15ին Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով կը հասնի Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտօ։ Նախ կ'այցելէ վանքին թիւ այն ճգնարանը, ուր ապրած ու վախճանած է սուրբ Բատրէ Բիօ 1887-1968։

Յայտնենք թէ Բատրէ Բիօ իր մարմնին վրայ կը կրէր Յիսուսի հինգ վէրքերը` ձերքը, ոտքը եւ կուրծքը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը կ'ուղղուի այն մատուռը ուր կը հանգչի սուրբին անաղարտ մարմինը։ Վանքին հրապարակը Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ ժամը 10.15ին։ Ապա ժամը 16.45ին կ'այցելէ ՜՜Տառապանքը ամոքող՝՝ կոչուած տունը. անիկա հիւանդանոց մըն է հիմնուած յիշեալ սուրբէն 1956ին։ Իսկ ժամը 17.30ին Սրբազան Քահանայապետը սրբավայրի մայր եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ երեկոյեան ժամասացութիւնը մասնակցութեամբ Բուլիա մարզի եկեղեցականներուն։ Հուսկ՝ ժամը 18.15ին Սրբազան Հայրը Հռոմ կ'ուղղուի։



Վանքին հրապարակը մատուցած պատարագին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. իմ այս ուխտագնացութեանս ընթացքին ուրախութիւնը ունիմ պատարագը մատուցանել ձեզի համար եւ ձեզի հետ։ Բատրէ Բիոն իր բոլոր կեանքը հիմնեց պատարագին վրայ։ Պատարագը եղաւ սկիզբը իր քահանայական կոչումին, ոյժը անոր կեանքի վկայութեան եւ պսակումը իր զոհաբերումին։

Ո՞վ է Բատրէ Բիոն։ Պարզ մարդ մը, ընտանիքով համեստ, բռնուած Յիսուս Քրիստոսէ, որպէսզի իր կարգին դառնայ ընտրեալ միջոց մը խաչի միշտատեւ զօրութեան։ Զօրութիւն մը. սիրոյ, ներումի, հաշտութեան, հոգեւոր հայրութեան եւ տառապեալներու ճշմարիտ զօրակցութեան ի սպաս հոգիներուն։ Իր մարմնի վրայ կրած հինգ վէրքերը սերտօրէն միացուցին զինք Խաչցեալ Յարուցեալին հետ։ Ան եղաւ ճշմարիտ հետեւորդը Ասիզիի սուրբ ֆրանչիսքոսին։ Ան, Պօղոս առաքեալի նման իր կեանքին ընթացքին կարողացաւ բացականչել. ''Ես խաչուած եմ Քրիստոսի հետ։ Այլեւս ես չեմ որ կ'ապրիմ, այլ` Քրիստոս կ'ապրի իմ մէջս։ Ասիկա անհատականութեան ոչինչացում մը չէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այլ բարեփոխութիւն մը` Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ։ Արդարեւ Բատրէ Բիոն պահեց իր բնատուր տուրքերը եւ նոյնիսկ իր նկարագիրը, սակայն ամէն ինչ ընծաեց Աստուծոյ եւ որու միջոցաւ կարողացաւ քարոզել Աւետարանը, մեղքերը արձակել, հիւանդներու մարմիններն ու հոգիները բուժել։

Սան Ճիովաննի Ռոդոնտոյի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, դուք ժառանգորդներն էք Բատրէ Բիոյի։ Ժառանգութիւնը որ ձեզի թողուց.Սրբութիւնն է։ Ան իր մէկ նամակին մէջ կը գրէր. ''Մեր միակ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ հոգիներու սրբութիւնը''։ Բատրէ Բիոյին համար սրբութիւնը կը նշանակէ նախ աղօթք եւ ապա եղբայրսիրութիւն։ Եկեղեցականին ամենէն կարեւոր ու հարկաւոր բանն է Քրիստոսի անսալն է որպէսզի կարողանանք Աստուծոյ կամքը կատարել։ Դիմեցէք Բատրէ Բիոյին, որպէսզի Տիրոջմէն խնդրէ որ մեզի պարգեւէ իր ապրած առքելութիւնը ` աստուասիրութիւնը եւ եղբայրօգնութիւնը։ Ս. ֆրանչիսքոսի եւ Աստուածածնայ հետ միսին հսկէ մեր վրայ, որպէսզի փոթորիկի պահուն Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ կարողանանք դիմադրել եւ յառաջ տանիլ եկեղեցւոյ նաւակը ու միշտ սիրել զԱստուած։

Պատարագին աւարտին Նորին սրբութիւնը աւելի քան 30 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ աղօթեց Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը։ Բատրէ Բիոն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, սովոր էր հաւատացեալններուն կրկնել ''սիրեցէք Աստուածածինը եւ սիրցուցէք զայն'' Ան խօսքէն աւելի իր բարի օրինակով վկայութիւն կու տար ս. Կոյս Մարիմաին հանդէպ տածած որդիական սիրոյն։ Անոր բոլոր քարոզութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Կոյս Մարիամի ակնարկին ներքեւ։ Ապա նորին սրբութիւնը ըսաւ. քահանայական տարին, որ անցեալ ուրբաթ օրը հռչակեցի կ'ուզեմ յատուկէն դնել Ս. Կոյս Մարիմամի եւ Բատրէ Բիոյի հովունաւորութեան տակ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները նաեւ աղօթել աշխարհի բոլոր փախստականներու համար, հռչակուած ՄԱԿէն։ բազմաթիւ են փախստականները որ ապաստան կը փնտռեն հեռանալու համար պատերազմէն, հալածանքէն եւ կամ բնաքկան աղետներէն։ Անոնց հիւրընկալութիւնը մեծ հարցեր կը յարուցանէ եւ սկայան այդ հիւրընկալութիւնը բոլորիս համար պարտականութիւն մըն է։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը բոլոր ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.