2009-06-21 14:14:33

կիրկնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի յունիս 21, երրորդ կիրակի զկնի Պենտեկոստէի, ընթերցում ս. Մատթէոսի Աւետարանին 12-րդ գլուխ, 1-8 համարները


կիրկնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի յունիս 21, երրորդ կիրակի զկնի Պենտեկոստէի, ընթերցում ս. Մատթէոսի Աւետարանին 12-րդ գլուխ, 1-8 համարները



ընթերցում ս. Մատթէոսի Աւետարանէն ` Շաբաթ օրուան իմաստը

1Օր մը, Շաբաթ օրով, Յիսուս անոնց ցորենի արտերուն մէջէն կ'անցնէր եւ որովհետեւ անօթեցած էին անոր աշակերտները, հասկ սկսան փրցնել եւ ուտել։

2Երբ ա՛յդ տեսան փարիսեցիները, Յիսուսի ըսին Ահա, բան մը կ'ընեն աշակերտներդ, որ Շաբաթ օրով թոյլ չէ՛ տրուած ընելու։

3Ան՝ ըսաւ անոնց. Չէ՞ք կարդացած, թէ ինչ ըրաւ Դաւիթ եւ իրեն հետ եղողները, երբ անօթեցան։

4Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ, որ Աստուծոյ տունը մտաւ եւ առաջաւորութեան հացը կերաւ, որ ինք իրաւո՛ւնք չունէր ուտելու եւ ոչ ալ անոնք, որ իրեն հետն էին, բայց քահանաները միայն։

5Կամ, Օրէնքի մէջ չէ՞ք կարդացած, թէ Շաբաթ օրերուն՝ տաճարի մէջ, իրենք, քահանանե՛րը կը պղծեն Շաբաթը եւ անմեղ են։

6Բայց ձեզի՛ ըսեմ, թէ տաճարէ՛ն ալ աւելի մեծը կայ հոս։

7Եթէ գիտնալու ըլլայիք, թէ ինչ կը նշանակէ Ողորմածութիւն կուզեմ եւ ոչ թէ զոհ , այն ատեն պիտի չդատապարտէիք անմեղները։

8Որովհետեւ Շաբա՛թ օրուան ալ տէր է Մարդու Որդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.