2009-06-20 12:31:50

Լուրեր Հայկական Կեանքէն

Արամ Ա Կաթողիկոսի հանդիպումը Իտալիոյ արտգործ նախարարին հետ


Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Ութերու խմբակի համագումարին ծիրին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը, հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Ֆրանքօ Ֆրաթինիի հետ։ Նախապէս ծանօթ ըլլալով նախարարին՝ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, վեհափառին եւ նախարարին միջեւ արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը՝ Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական նոր զարգացումներուն եւ մօտեցումներուն լոյսին տակ, եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։

Հանդիպման աւարտին, վեհափառը նախարարին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած կարեւոր հրատարակութիւն մը։

Ֆրանսահայ երգչուհի Լիզ Սարեանի ելոյթները Հայաստանի մէջ ֆրանսահայ երգչուհի Լիզ Սարեան, 25 տարուայ ընդմիջումէն ետք, վերջերս Հայաստան այցելած է, եւ Երեւանի ու Արցախի մէջ երգահանդէսներ տուած։ Սարեան մասնակցած է Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 85ամեակի՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն՝ երգելով՝ թէ՛ Ազնաւուրի երգերէն եւ թէ՛ հայկական ժողովրդական, գուսանական եւ ժամանակակից էսթրատային երգեր։ Լիզ Սարեանի առաջին երգահանդէսը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած էր 1984ին՝ Երեւանի Մարզահամերգային համալիրի մէջ եւ մեծ տպաւորութիւն ձգած ու երկար ժամանակ յիշուած հանդիսականներու կողմէ։

Այժմ 25 տարի ետք Լիզ Սարեան կրկին կարելիութիւն ունեցած է երգելու՝ Հայաստանի մէջ։ Իսկ Արցախի մէջ, երգչուհին ապրած է անօրինակ զգացողութիւններ, շատ յուզուելով՝ ըսած է. ՜՜ Արցախի մէջ ես զգացի հայ ժողովուրդին իրական պատկերը, զգացի, որ եթէ պէտք ըլլայ պաշտպանել հայրենիքը, ապա առաջին գիծին վրայ կըլլան ա՛յս հայերը։ Ասիկա իրական զգացողութիւն մըն է, որ ապրեցայ տեղւոյն վրայ՝՝։

Հայազգի Աւետիք Կարապետեան Պալէի պարի միջազգային մրցումին գրաւեց Բ. դիրքը Աւետիք Կարապետեան բնիկ հայաստանցի է սակայն ներկայիս Շուէտաբնակ է ,ան ըլլալով՝ պալէի պարի մասնագէտ պարող մը , վերջերս մասնակցած է Հելսինքիի մէջ կայացած պալէի միջազգային մրցումին եւ երկրորդ հանդիսացած եզրափակիչ փուլ հասած 29 պարողներու միջեւ։ Ան արժանացած է դրամական մրցանակի մը՝ 6000 եուրոյի արժողութեամբ։

Հայազգի պարող՝ Աւետիք Կարապետեան ծնած է 1985ին, Երեւան։ Ութ տարի ուսած է Հայաստանի պարարուեստի դպրոցէն ներս, իսկ ներկայիս (ինչպէս ըսինք) կը բնակի Շուէտ։ Միջազգային այս մրցումին, այրերու դասաւորման մէջ գլխաւոր մրցանակին արժանացած է չինացի 21ամեայ պարող՝ Խիաօյու Խէն։ Մրցանակ ստացած է նաեւ մրցումի երկրորդ հայ մասնակից Արման Զազէյեանի պարուսոյցը՝ Մարքօ Կէօքը։ Հելսինքիի միջազգային այս մրցումը կը կազմակերպուի 1984էն ի վեր։ Այս տարի անոր կը մասնակցէին 40 երկիրներէ աւելի քան 100 պարողներ եւ անոնցմէ միայն 29 հոգին եզրափակիչ փուլ հասած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.