2009-06-20 12:22:06

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին խօսքը Անտիոքի Ասորիներու պատրիարքին.


՜՜Խաղաղութիւն Միջին Արեւելքին եւ Իրաքի համար, Ս. հաղորդութիւնը արմատն է եկեղեցական միութեան՝՝։

Ամէն օր կ'աղօթեմ Միջին Արեւելքի եւ Իրաքի խաղաղութեան համար, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Անտիոքի ասորի պատրիարք գերերջանիկ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ Եունանին։ Ապա, Սրբազան Հայրը ընդգծեց իւրայատուկ կապը՝ ՜՜ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին եւ Անտիոքի Ասորի Պատրիարքութեան միջեւ՝՝։

Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ քահանայական տարին ըլլայ բարեբեր եւ բեղուն տարի մը համայն Եկեղեցւոյ համար։

Ս. Հաղորդութիւնը, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. կեանքի հացն է որ կը սնուցանէ մեր համայնքները եւ կ'աճեցնէ զանոնք միութեան ու սիրոյ մէջ։

Արդարեւ, Ս. Հաղորդութեան մէջ, եկեղեցին կարող է յաղթահարել խոչընդոտները եւ դէպի յառաջ ընթանալ։

Համոզուած եմ որ յոբելինական այս յատուկ տարին, որ կը սկսի մինչ կը պատրաստուինք փակել Պօղոսեան տարին, հրաւէր մըն է բոլոր քահանաներուն, որպէսզի իրենց հայեացքը ուղղեն խաչեցեալին, որ իր արիւնը թափեց մեր փրկութեան համար, որպէսզի իրմէ ստանանք շնորհքի լիութիւնը։

Երէկ 19 Յունիս 2009ին, Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի անուան տաճարին մէջ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին բացումը կատարեց ՜՜Քահանայական Տարւոյն՝՝ եւ ներկայացուց այս առթիւ իր գրած նամակը ուղղուած՝ քահանաներուն եւ համայն քրիստոնեաներուն։

Սրբազան Քահանայապետին այս նամակը հայրական խօսք մըն է, որուն ընդմէջէն, ան կ'արտայայտէ իր սէրը քահանաներուն հանդէպ եւ կը շեշտէ ըսելով որ՜՜ համայն Եկեղեցին կը սիրէ քահանաները՝՝։

Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150 ամեակը, լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ Սրբազան Քահանայապետին, որպէսզի այսօրուան քահանաներուն ներկայացնէ ՜՜Արսի ժողովրդապետին քահանայական եւ հովուական առաքինութիւնները, եւ դարձեալ շեշտէ թէ ամէնէն աւելին կեանքի վկայութիւնն է, որ կ'իմաստաւորէ ամէն տեսակի գործունէութիւն՝՝։

Սրբազան Քահանայապետը այս նամակով, ինքզինքը մօտիկ կը զգայ բոլոր քահանաներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք զանազան դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին, ըլլան անոնք անձնական կեանքի մակարդակով դժուարութիւններ, եւ ըլլան նաեւ՝ արտաքին աշխարհէն՝ այսինքն ընկերութենէն եկած դժուարութիւններ։

Այս նամակին վերջաւորութեան, Նորին Սրբութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ նաեւ ՜՜քահանայ եւ եպիսկոպոսի՝՝ փոխ յարաբերութիւնը, հիմնուած՝ Սուրբ Հաղորդութեան եւ Սիրոյ Ներգործութեան վրայ։



Քահանայական տարւոյն մասին խօսելով, կարտինալ Առինձէ` վաստակաւոր կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման ժողովին, ըսաւ. ՜՜Քահանայապետին նամակը ուղղուած՝ քահանաներուն կ'ընդգծէ թէ Եկեղեցին կարիքն ունի Աստուծոյ սրտի նման հովիւներուն։ Արդարեւ քահանան ինքնիրեն համար չէ ձեռնադրուած այլ Աստուծոյ ժողովուրդին համար, ան Քրիստոսի պաշտօնեայ է, այսինքն գթութեան պաշտօնեայ է։

Սրբազան Քահանայապետին ուսուցումը Յիսուսի Ս. Սրտին մասին.

՜՜Պաշտել Յիսուսը կը նշանակէ, ապրիլ կեանքը Աստուծոյ սիրոյ ընկերակցութեամբ՝՝։ Յիսուսի Ս. Սիրտը տօնելով՝ մենք կը պաշտենք. ՜՜Աստուծոյ սէրը հանդէպ մարդկութեան, Անոր կամքը Տիեզերական փրկութեան եւ անոր անհուն գթութիւնը՝՝։ Այս բոլոր պարգեւները ՜՜գինը եւ պտուղն են՝ խաչեցեալ Քրիստոսին՝՝։ Հետեւաբար պաշտել Յիսուսի Ս. Սիրտը կը նշանակէ նախ երկիրպագել այն սրտին որ մեր մեղքերուն համար նետով խոցուեցաւ եւ որմէ արիւն եւ ջուր հոսեցաւ, որ նոր կեանքի անհատնում աղբիւր է ։



Քահանայապետական նշանակում

Սրբազան քահանայապետը հայր Մաուրիցիօ Մալվեսթիթին նշանակեց Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին ենթաքարտուղարը.



Այսօր` Շաբաթ 20 Յունիս 2009, Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց.

Կարտինալ Ռէ՝ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,եւ

Կարտինալ Իվան Տիաս` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.