2009-06-19 13:19:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան նամակը աշխարհի բոլոր քահանաներուն. ''Քահանայութեան մէջ եղբայրներ'' վերնագրով ։


՜՜Քահանայական տարւոյն բացման՝՝ առթիւ Նորին Սրբութիւնը նամակ մը յղած է աշխարհի բոլոր քահանաներուն. որով կը հրաւիրէ զանոնք վերանորոգելու իրենց ուխտը, եւ վճռակամութեամբ վկայութիւն տալու Աւետարանին։ Նամակին վերնագիրն է ''Քահանայութեան մէջ եղբայրներ''։

Ուրբաթ 19 Յունիս 2009, տօն Յիսուսի Ս. Սրտին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէին, կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ եւ որուն ընթացքին բացումը կը կատարէ Քահանայական տարւոյն։ Ծիսակատարութեան կը մասնակցի նաեւ Եգիպտոսի՝ Աղեքսանդրիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպիսկոպոս Գուսան որ Հռոմ եկած է ներկայացնելու՝ Եգիպտոսի կաթողիկէ եկեղեցին։ Արարողութեանց կը մասնակցին նաեւ՝ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւորներն ու ժառանգաւորները։

Քահանաներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ ՜՜Արսի ժողովրդապետը՝՝ որպէս ճշմարիտ տիպար այսօրուայ քահանային ։ Քահանաներու ներկայութիւնը աշխարհի մէջ, աստուածային մեծ պարգեւ մըն է ՜՜Եկեղեցւոյ ու համաշխարհային մարդկութեան՝՝, կը կարդանք Սրբազան Քահանայապետի նամակին մէջ։ Հակառակ իրենց կրած բազմաթիւ դժուարութիւններոոն եւ անհասկացողութիւններուն, ու երբեմն ալ հալածանքի։

Նորին Սրբութիւնը կը յիշէ բազմաթիւ քահանաներու առաքելական յոգնութիւնները, անխոնջ ծածուկ ծառայութիւնները ու եղբայրօգնութիւնները։ Նաեւ Սրբազան Հայրը դառնութեամբ կը մատնանշէ կարգ մը քահանաներու անհաւատարմութիւնը՝ որ մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ եկեղեցւոյ, եւ ընդվիզում՝ աշխարհականներու կողմէ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կը յիշէ՜՜ Արսի Սուրբ Ժողովրդապետի՝՝ առօրեայ վկայութիւնը. աղօթքը ամենասուրբ հաղորդութեան առջեւ, պատարագը եւ յաճախ խոստովանարանին մէջ հաւատացեալներ ընդունիլը։ Ան խորապէս համոզուած էր որ պատարագէն կախում ունի քահանային նուիրումի կեանքը։ Խոստովանարանը նստելով քահանան կը ցոլացնէ Հօր Աստուծոյ գթութիւնն ու ողորմութիւնը։

Հոգիներու փրկութեան համար Քրիստոս իր արիւնը թափեց։ Արսի ժողովրդապետը ապրեցաւ Աւետարանի խորհուրդները` աղքատսիրութիւնը, ողջախոհութիւնը եւ հնազանդութիւնը։ Այս խորհուրդները դէպի սրբութիւն կ'առաջնորդեն։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը քահանայական տարին Տիրամօր հովանաւորութեան յանձնելով նամակը այսպէս կ'եզրափակէ. ''Սիրեցեալ քահանաներ, Քրիստոս ձեզի վստահած է։ Արսի Ս. քահանային օրինակին հետեւելով, ձեր վստահութիւնը դրէք Քրիստոսի վրայ եւ դուք ալ ձեր կարգին պիտի դառնաք, այսօրուան աշխարհի մէջ, պատգամաբերները յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.