2009-06-19 13:48:52

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ։

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ իր կինը երէկ հրաժեշտ տուին Հայաստանին։ Մինչեւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, Սուրիոյ նախագահը ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ առաջին տիկնոջ հրաւիրած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին։ Նախագահ Ասատ իր խօսքը ուղղելով նախագահ Սարգսեանին ըսաւ ՝՝Գտնուելով ձեր երկրին մէջ, որ ունի պատմութեան ընթացքին արմատներ տուած բազմադարեան քաղաքակրթութիւն եւ ժողովուրդ, ուրախ եմ հաւաստիացնելու, որ ձեր երկիր մեր այցելութիւնը ընդամէնը մէկ քայլ է մեր երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր մարզերուն մէջ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, սերտացնելու եւ խորացնելու ճամբուն վրայ ակնկալելով որ անիկա սկիզբ հանդիսանայ արգասաբեր համագործակցութեան մեր երկու երկիրներուն միջեւ։ Այս քայլը առաջինը չէ, այլ անիկա պատմական յարաբերութիւններու եւ ընդհանուր արժէքներու շարունակութիւնն է, որոնք միաւորած են մեր երկու ժողովուրդները, եւ այս յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն Սուրիոյ կողմէ հայկական արմատներ ունեցող Սուրիոյ քաղաքացիները գրկաբաց ընդունելու իրականութեամբ։

Մենք կը հպարտանանք հայկական արմատներ ունեցող Սուրիոյ քաղաքացիներով, որոնք ակնառու դեր կը խաղան Սուրիոյ ընդհանուր կեանքին բոլոր մարզերուն, յատկապէս՝ արուեստի, երաժշտութեան, բժշկութեան, արհեստագիտութեան եւ այլ մարզերուն մէջ։ Այս անքակտելի մշակութային միաձուլումը պատասխանն է քարոզուող այն միտքերուն, գաղափարախօսութիւններուն եւ ցեղապաշտական գործունէութեանց, որոնք ի յայտ բերին քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու, կրօններու եւ ազգերու տագնապին ակունքը, ինչ որ համաշխարհային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապակայունացման պատճառ դարձաւ աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ, յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ Ասիոյ շրջաններուն մէջ։ Յայտնենք, որ երէկ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստան ժամանած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը,ուղեկցութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի։ Ողջունելով նախագահ Ասատի այցելութիւնը համայն հայութեան սրբութեան սրբոց Սուրբ Էջմիածին Վեհափառը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ բազմադարեան յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ անխաթար կերպով, բարեկամական նոյն ջերմ զգացումներով կը շարունակուին եւ առաւել կամրապնդուին նոր համագործակցութեամբ եւ իրագործումներով։ Վեհափառը նախագահին Հայաստան այցելութիւնը նոր խթան նկատեց այդ համագործակցութեան յաւելեալ զօրացման համար։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս վերյիշեց իր այցելութիւնը Սուրիա՝ Հալէպ եւ Տէր Զօր, եւ վեր առաւ Սուրիոյ ժողովուրդին հիւրընկալ ոգին եւ իշխանութիւններու հոգատար վերաբերմունքը սուրիաբնակ հայորդիներուն նկատմամբ,աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդի աջակցութիւնը, որ ցուցաբերուեցաւ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ եղած հազարաւոր հայերու նկատմամբ։

Սուրիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն եւ կրօններու բազմազանութեան եւ Սուրիոյ կեանքին մէջ հայ ժողովուրդի զաւակներուն կարեւոր ներդրումին։ Ի գնահատանք հայ ժողովուրդի եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ Սուրիոյ նախագահին, պետութեան եւ ժողովուրդի հոգատար եւ ազնիւ վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան կատարած իր աշխատանքին՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս նախագահ Պաշշար Ասատին յանձնեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռի լուսարարապետ Արարատ եպս Գալթաքճեան, Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Արմաշ եպս Նալպանտեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Սահակ Եպս. Մաշալեան, ինչպէս նաեւ սուրիահայ բարերարներ Գառնիկ Եագուպեան, Գաբրիէլ Չեմպերճեան, Թագւոր Պոյաճեան եւ Վազգէն Եագուպեան։



Այսօր Յունիս 19ին, Ազային Ժողովը կը քննարկէ ՝՝համաներման՝՝ հարցը։

Այսօր ՀՀ. ԱԺ-ի մէջ կը քննարկուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկութիւնը ՝՝համաներում՝՝ յայտարարելու մասին։ Կայ նաեւ Մարտ 1-2ի գործով ազատազրկման մէջ գտնուող մարդոց վերաբերող առաջարկ։ ԱԺ-ի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեանը յայտնած է, որ կուսակցութիւնը առանձին առաջարկներ չէ ներկայացուցած, սակայն վաղուց արդէն յայտարարել էր դրա անհրաժեշտութեան մասին։

Ծաղիկներ՝ Տիգրան Պետրոսեանի յուշարձանին։

Երէկ լրացաւ ճատրակի աշխարհի 9-րդ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի ծննդեան 80-ամեակը։ Ճատրակի տան մէջ շարք մը ձեռնարկներ տեղի ունեցան մեծ մարզիկի յոբելեանը նշելու համար։ Վեթերաններու ու մանուկ ճատրակիստներու հետ միաժամանակ մրցումներ կատարեցին գրոսմայստերներ Արտաշէս Մինասեանն ու Տիրան Պետրոսեանը։ Տիգրան Պետրոսեանի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի շախմատի տուն ժամանեցին նաեւ ՀՀ նախագահը, ՀՀ վարչապետը, ՀՀ սպորտի նախարարը, պաշտօնատար այլ անձեր եւ ծաղիկներ զետեղեցին իր յուշարձանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.