2009-06-18 14:45:46

Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն

Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքը Ութերու խմբակի՝ G8-ի, նախապատրաստական համագումարին


Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ, Յունիս 16-17ին, տեղի ունեցող Ութերու խմբակի՝ G8-ի, նախապատրաստական համագումարին բացման իր խօսքը ուղղելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց կրօնի կարեւոր դերը ներկայ աշխարհի տագնապները դիմագրաւելու հաւաքական ճիգին մէջ։ Ան ներկայացուց «Կրօնքի դերը ներկայ աշխարհը տագնապեցնող հարցերուն նկատմամբ» նիւթը: Վեհափառ հայրապետը խօսք առաւ յանուն քրիստոնէութեան, իսկ յանուն իսլամութեան խօսք առաւ Ինտոնեզիոյ կրօնականներու համախմբումի պետ՝ դոկտ. Սիամսուտօ: Յանուն հրէական կրօնքին, խօսք առաւ Իսրայէլի ռաբբիններու պետ Փիրոն, իսկ յանուն պուտտայական կրօնին՝ Նիուանօ (Ճափոնէն)։


Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետին Պաշտօնական Այցը Հայաստանի Նորանշանակ Գլխաւոր Հիւպատոսին

Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ հայր Անտոն վրդ. Սարոյեան, ընկերակցութեամբ Եկեղեցւոյ խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Տնտեսական յանձնախումբի անդամներուն, պաշտօնապէս այցելեց Հայաստանի հիւպատոսարան, շնորհաւորելու համար նոր նշանակուած Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս, մեծարգոյ Գրիգոր Յովհաննիսեանը։

Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, ժողովրդապետ հայրը տուաւ մանրամասն տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ Հայ կաթողիկէ համայնքի մասին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն՝ Հայ կազմակերպութիւններու եւ քոյր համայնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սիրալիր մթնոլորտին։ Ժողովրդապետ հայրը պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ աւելի մօտէն գործակցելու հիւպատոսարանին հետ։ Ան աւելցուց, թէ հայ ժողովուրդը ունի երկու բանակ՝ զինուորական ու աղօթքի, իսկ ինք կը պատկանի աղօթքի բանակին։ Նաեւ հրաւիրեց գլխաւոր հիւպատոսը Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիի Ս. պատարագին ու հանդիպումի մը՝ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հետ:

Եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետուհի Նարիս Խալաթեան բարեգալուստի խօսքեր արտասանեց նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոսի Լոս Անճելըս ժամանման առթիւ, ու յաջողութիւն մաղթեց իր ծրագիրներուն:

Իր կարգին, մեծարգոյ գլխաւոր հիւպատոսը ըսաւ. «Բարի եկած էք Հայ հողի վրայ»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան եւ տուաւ բացատրութիւններ հիւպատոսութեան գործունէութեանց մասին։ Աւելցնելով՝ ան նշեց. «Հայ ժողովուրդը կարօտը ունի այդ աղօթքի բանակին»։

Սիրալիր եւ մտերմիկ տեսակցութենէ ետք, գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան ընդունեց Անտոն վրդ. Սարոյեանի հրաւէրը ու ամէնէն կարճ ժամանակի ընթացքին խոստացաւ այցելել Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.