2009-06-17 14:50:23

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

Նարինէ Աղաբալեան ԼՂՀ մշակոյթի նախարար

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան , Յունիս 15ին ստորագրած հրամանագիրով, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար նշանակած է Նարինէ Աղաբալեանը։

Նորանշանակ նախարարը՝ Նարինէ Աղաբալեան երկար տարիներ աշխատած է Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան մէջ, Ղարաբաղի մէջ եղած է Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան թղթակից, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի մէջ գործող Ծիր կաթին գովազդային ընկերութեան ղեկավարը։ Ղարաբաղի 12 նախարարներէն Նարինէ Աղաբալեանը 4րդ կին նախարարն է՝ արդարադատութեան, քաղաքաշինութեան եւ ընկերային ապահովութեան նախարարներէն ետք։



Մարք Կիրակոս Հայազգի փաստաբանը պիտի պաշտպանէ նաեւ յոյներուն իրաւունքը

Հայազգի փաստաբան Մարք Կիրակոսի գրասենեակը որ Ամերիկեան Նիւ Եորք Լայֆ ապահովագրական ընկերութեան դէմ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն կողմէ դատ բացած իրաւաբաններէն մէկը հանդիսացած էր, վերջերս , հաղորդած է թէ՝ նոր արշաւ մը սկսած է՝ պաշտպանելու համար Օսմանեան կայսրութեան օրերուն նոյն ընկերութեան՝ (Ամերիկեան Նիւ Եորք Լայֆ ընկերութեան) կողմէ ապահովագրութիւններ գնած յոյներուն իրաւունքները, նկատի ունենալով, որ 1915-1921 թուականներուն պոնտոսցի-յոյն հազարաւոր զոհեր յառաջացած են թրքական իշխանութեանց կողմէ։ Ընթացքի մէջ է նաեւ Եղիայեանի գրասենեակին կողմէ գերմանական ՜՜Վիքթորիա՝՝ կեանքի ապահովման ընկերութեան դէմ դատական գործընթացը, որ բացուած է 2001-էն ի վեր։ Գրասենեակի առաջին յաջողութիւնները կը վերաբերէին գերմանական Deutsche Bank եւ Dresdner Bank դրամատուներու վերաբերեալ դատական վճիռներուն։



Ռուսական երկաթուղիներու ներդրումը Հայաստանին

Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է հայկական երկաթուղային համակարգի համաձայնագրի կառավարիչ Ռուսական երկաթուղիներ ընկերութեան նախագահը Վլադիմիր Եաքունին։ Ընդգծելով հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւնները, նախագահ Սարգսեանը ըսած է. որ Ռուսիան կը համարուի ամէնայուսալի դաշնակիցը Հայաստանին եւ երկկողմանի կապերու հետագայ ամրացման հարցը առաջնահերթ նշանակութիւն ունի. ասոր համար, ըստ նախագահին, ՜՜փոխա դրութիւնը ընդհանրապէս եւ երկաթուղային գիծերը մասնաւորապէս, էական դեր ունին՝՝։ Այս առթիւ Վլատիմիր Եաքունի հաղորդած է, թէ 2009ի ներդրումներուն ծաւալը պիտի կազմէ 1.2 միլիառ ռուբլի, որուն վրայ պիտի աւելնայ անցեալ տարուան չկատարուած ներդրումներուն 39 տոկոսը։ Այսպիսով, ընկերութեան ներդրումներուն ընդհանուր ծաւալը 2009ին, պիտի կազմէ 2.7 միլիառ ռուբլի։ Ռուսական երկաթուղիներ ընկերութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ նախագահին՝ երկրի տնտեսութեան համար երկաթուղիի կարեւորութիւնը ըստ պատշաճի գնահատելուն եւ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահելու համար. տեղեկացնելով որ այցելած է երկաթուղային փոխադրութեան կարիքներու համար նախատեսուած արտադրանքի ցուցահանդէսը, որը կազմակերպած են Հարաւկովկասեան երկաթագիծի ղեկավարութիւնը եւ հայ գործարարները։ Ներկայացուած արտադրանքը արդէն իսկ կօգտագործուի Հարաւկովկասեան երկաթագիծէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ, քանի որ ՜՜որպէս գին եւ որակ յարաբերակցութիւնը գրաւիչ է։ Բացի այդ, իրենց հիմնական սկզբունքն է աշխատանքին նախապատուութիւնը տալ տեղական արտադրողին։

Սարգսեան եւ Եաքունի քննարկած են նաեւ ՜՜ հայկական երկաթուղիին ներկայ վիճակը, զարգացման հեռանկարը, պայմանագրով ճշդուած երկու կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը՝՝ մասնաւորապէս, անդրադառնալով՝ երկաթուղիի արդիականացման, շարժակազմերու, արհեստագիտական վերազինման, գնացքներու արագութեան, ինչպէս նաեւ կարճ ժամանակահատուածի ձեռքբերման եւ նուազագոյն ծախսերով բեռնափոխադրումներու կազմակերպման համակարգ ձեւաւորելու հետ կապուած խնդիրներուն։



Լուրեր հայ գաղութներէն

՜՜Ռիմէյնզ թու պի սին՝՝ անուան ցուցահանդէսը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան

Գանատա- Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ՜՜Ռիմէյնզ թու պի սին՝՝ նկարչական ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Թորոնթոյի Ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկին կողմէ, եւ որուն կը մասնակցին 16 նկարիչներ։ Գանատահայ նշանաւոր բեմադիր Ատոմ Էկոյեանի համաձայն, տարբեր ժողովուրդներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնները ժխտման երկար պատմութիւն ունին։ Նկարիչներուն՝ ցեղասպանութեան մասին խօսող նկարները, կը թափանցեն հոգիի խորքը այլ ձեւով, քան՝ լրագրողներուն յօդուածները, ըսած է Էկոյեան։

՜՜Ռիմէյնզ թու պի սին՝՝ ցուցահանդէսին ցուցադրուած են աշխատանքները՝ Ուլիս Կաստելանոսի, Ճոյս Լաուի, Սթիվըն Լոֆթի, Լեթի Պրեթթիի, Շենոն Սքուլլիի, Վերոնիքա Զքութլարեքի, Պիլ Ուոլֆի եւ Արի Գէյլսի։



Հայազգի Ժօագին Պօղոսեանի 2 կոլերով Ուրուկուէյի ֆութպոլի Չերրօ խումբը արժանացաւ ախոյենութեան տիտղոսին

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որ տեղի ունեցած էր՝ անցեալ շաբաթավերջին, Չերրօ արձանագրեց իր Զ. յաղթանակը՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը՝ Պելլա Վիսթան։ Չերրոյի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ ՜՜ուրուկուէահայ Ժոաքին Պօղոսեան՝՝, որ նշանակեց երկու կոլ՝ 55-րդ եւ 86-րդ վայրկեաններուն։ Եւ անոր խմբակից Փերալթան՝ նշանակեց երրորդ կոլը (82-րդ)։ Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Չերրօ 23 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը՝ ինը կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Տանուպիոյէն եւ Նասիոնալ տը Մոնթեվիտէոյէն (2-րդ), որոնք ունին 32-ական կէտ։

Ժիլբեր Սինուէի ՜՜Երեւան՝՝ խորագրով վէպը

Փարիզի մէջ ԺԱՖ-ի եւ Ֆրանսահայոց մշակութային միութեան կազմակերպած զեկուցում-բանավէճի առիթով Ժիլբեր Սինուէ ներկայացուցած է իր «Երեւան» վէպը:
Ելոյթ ունենալով, հեղինակը՝ Ժիլբեր Սինուէ մասնաւորապէս նշած է որ 20-րդ դարասկիզբի իրադարձութիւնները վէպի նիւթ դարձնելով` ինք նպատակ ունեցած է այդ ձեւով տեղեկացնել միլիոնաւոր ֆրանսացիները անոնց ծանօթացնելով այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդին կրած փորձութիւնները:
Ժիլբեր Սինուէ քաջատեղեակ է Մերձաւոր Արեւելքի հին ու նոր հիմնահարցերուն եւ հեղինակ է շարք մը այլ պատմավէպերու:







All the contents on this site are copyrighted ©.