2009-06-16 13:31:32

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է


Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է 16



Ամենակալ Տէր, Դուն որ փառքով կը պսակես Քեզի յուսացողները

եւ կը կատարես Քեզմէ վախցողներուն փափաքը,

մեզ ալ արժանի ըրէ, Տէ՜ր, որ Քու վրադ մեր յոյսը պահենք,

եւ համբերութիւն տուր մեզի որ մեր ընթացքը կատարենք այս նեղութեամբ,

որուն մէջ կը գտնուինք։

Դուն՝ որ մեր ցաւերը կը բժշկես,

սրտաբեկները կ'առողջացնես,

նեղեալները կը հանդարտեցնես,

կապուածները կ'արձակես,

սգաւորները կը մխիթարես,

անյոյսներուն յոյս կու տաս,

խռովածներուս՝ հանգիստ,

եւ յոգնածները նաւահանգիստ կը հասցնես,

Դուն՝ որ սիրով կը նայիս քու արարածներուդ

եւ քու քաղցրութեամբդ կը կերակրես բոլորը,

տո՛ւր մեզի, Տէ՜ր, որ մենք ալ պսակը առնենք բոլոր անոնց հետ՝

որոնք արժանի ըրիր քու անունիդ համար մեռնելու փառաւոր մահուամբ, որպէսզի մենք ալ արժանի ըլլանք

յափշտակուելու քու սիրելի Որդիիդ դիմաւորութեան,

երբ գայ իր ճառագայթող լոյսին մէջ առնելու սրտանց իրեն փափաքողները,

եւ ճշմարտութեամբ դատելու ամբողջ տիեզերքը իր բարկութեան կրակով։

Փա՜ռք քեզի, Որդիիդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին,

յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.