2009-06-16 13:31:10

Լուրեր հայկական կեանքէն

Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէս եւ վկայականներու բաշխում Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։


Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ,13 Յունիս 2009-ին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու ՜՜ամավերջի եւ վկայականներու բաշխման՝՝հանդէսը։ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ներկայացումէն ետք, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնը Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները, ըսաւ. ՜՜Այսօրուընէ սկսեալ այս վկայուած մանուկները պիտի սկսին քալել ուսման մայրուղիէն, նուաճելու համար աւելի բարձր վկայականներ, միշտ պատիւ բերելով թէ իրենց ընտանիքներուն, թէ յատկապէս իրենց վարժարանին. անոնք Մեսրոպեան մանկապարտէզին մէջ զինուեցան հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեամբ, սորվեցան հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներ. ան նաեւ մաղթեց որ այս մանուկները ապագային դառնան Լիբանանին ու հայ ազգին պատիւ բերող ղեկավարներ։ Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ նոր եւ արդիական մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիրին, որը կիյնար վարժարանի 70-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, եւ որուն հիմնարկէքը արդէն իսկ կատարուած էր։ Ապա խօսքը ուղղելով փոքրիկներուն, Տնօրէնը ըսաւ. ՜՜ Այսօր ես մեծ ուրախութեամբ ձեզի պիտի մաղթեմ բարի երթ դէպի կեանքի նոր հանգրուան՝ ուսման աշխարհ։ Դուք տակաւին 12 տարի ունիք ուսանելու այս հաստատութեան պատերուն ետեւ։ Ես մեծ յոյսով պիտի մաղթեմ, որ այսպիսի գեղեցիկ օր մըն ալ, դարձեալ այս բեմէն ձեզի յանձնենք արդէն Պաքալորէայի վկայական։ Շնորհաւորելէ ետք ծնողները իրենց զաւակներուն մանկապարտէզի վկայականին առթիւ Պր. Կրէկուար Գալուստ առիթէն օգտուելով իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, անհատ անձնաւորութիւններուն, որոնք միշտ թեւ եւ թիկունք եղած են Մեսրոպեան մանկապարտէզին, տարբեր առիթներով անոր օժանդակելով ։ Ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի պատասխանատու Տիկ. Մարիա Պէօճէքեանին, որ իր կեանքի 25 լաւագոյն տարիները նուիրաբերած է մանկավարժութեան ասպարէզին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհի-դաստիարակչուհիներուն, որոնք ամբողջ տարին աշխատեցան յատուկ բծախնդրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ գուրգուրանքով. ապա հրաւիրեց բոլորը, որպէսզի վայելեն փոքրիկներուն եւ անոնց ուսուցչուհիներուն յոգնութեան պտուղը՝ աւարտական հանդէսը որ տեւեց երկու ժամ։

Մանուկները ասմունքեցին, երգեցին ու պարեցին ուրախութեան պահեր պարգեւելով ներկաներուն։ Հուսկ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը, եւ որովհետեւ առողջական խնդիրներով կը բացակայէր վարժարանի աշակերտութեան մեծ Հայրը՝ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը, անոր առողջութեան յատուկ մաղթանքի խօսք ուղղեց տնօրէնը, եւ վստահեցուց, որ անոր բացակայութիւնը միայն ֆիզիքական է. հոգեպէս եւ աղօթքներով ան միշտ վարժարանին հետը եղած է։



Ճեֆրի Մայքըլ Կօշկարեանի գործերը մրցանակի արժանացած

Միջազգային ՜՜Փեն՝՝ գրական կազմակերպութեան ամերիկեան մասնաճիւղը այս տարի իր թարգմանական աշխատանքներու հիմնադրամի մրցանակակիրներէն մէկը ընտրած է հեղինակ եւ թարգմանիչ Ճեֆրի Մայքըլ Կօշկարեանը, որ թարգմանելու սկսած է Յակոբ Օշականի կոթողային ՜՜Մնացորդաց՝՝ խորագրով վէպը։



Թարգմանիչը կը յայտնէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ 3000 տոլար մրցանակը բաւարար պիտի չըլլայ 1800 էջնոց այս ծաւալուն գործին թարգմանութեան եւ տպագրութեան ծախսերուն համար, սակայն նման կազմակերպութեան մը կողմէ մրցանակ ստանալու իրողութիւնը կրնայ շարժել հրատարակիչներու հետաքրքրութիւնը՝ նպաստելով հրատարակման աշխատանքներուն։ Կօշկարեան կը պատմէ, թէ ինք 1990-ականներուն սկսած է Օշականի անաւարտ վէպին թարգմանութիւնը, այդ օրերուն Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ հայագիտութեան դասախօս Մարք Նշանեանի ընդարձակ մէկ ծրագրին մէջ գործին անգլերէն թարգմանութիւնը ներառելու նպատակով։

Երբ աւելի ուշ Նշանեան որոշած է գործածել ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, Կօշկարեան ժամանակաւորապէս մէկ կողմ ձգած է թարգմանական աշխատանքը, որ նոր թափ ստացած է միայն շնորհիւ՝ Նանոր Քեպրանեանի ու Թալին Ոսկերիչեանի քաջալերանքին ու օժանդակութեան։ Կօշկարեան անոնց քաջալերանքով, թարգմանուած բաժինէն հատուած մը ղրկած է ՜՜Փեն՝՝ կազմակերպութեան, որմէ այս մրցանակը ստանալէ ետք, Կօշկարեան կը յուսայ առնուազն գործին առաջին հատորը անգլերէնով լոյս ընծայել։

Յակոբ Օշական, որ ՜՜Մնացորդաց՝՝ վէպը գրելու ծանր աշխատանքին ընթացքին սրտի կաթուած մը անցուցած էր, աւելի ուշ չէր կրցած ամբողջացնել զայն, երբ պատմութեան թելը սկսած էր մօտենալ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն։ Գործին նիւթը ՜՜պատմութիւնն է Պուրսայի գիւղերէն մէկուն մէջ ապրող Նալպանտեան գերդաստանի վեց սերունդներուն՝՝։







Հայաստան կը մասնակցի Ոսկէ Դիմակ թատերական փառատօնին

Ոսկէ դիմակ թատերական փառատօնի շրջանակներուն մէջ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող տարեկան թատերական ցուցահանդէսին, այս տարի, Հայաստանէն պիտի մասնակցին Ազգային գեղագիտութեան կեդրոնի Փոքր թատրոնը, պարի Միհր թատրոնը եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան Երեւանի պետական տիկնիկային թատրոնը։

Սոյն ձեռնարկին, անցեալ տարի Հայաստանը մասնակցած էր ութ թատրոնով։

նշենք, որ տարեկան թատերական ծրագիրին՝ հայկական թատրոններու մասնակցութիւնը, կարելի կը դառնայ շնորհիւ՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեան։



Էրիք Նազարեանի բեմադրած «Պլու Աուր» շարժապատկերը։

Էրիք Նազարեանի բեմադրած «Պլու Աուր» շարժապատկերի տեսաերիզները (DVD)ները արդէն իսկ շուկայի վրայ են եւ այս հանգրուանին կը ծախուին միայն /a> համացանցային կայքին վրայ:

Շարժապատկերին կողքին, DVD-ին վրայ կան արտադրութեան լուսանկարները, բեմադրիչին խօսքը, շարժապատկերին ծանուցումը եւ ֆիլմը սպաներէնով կամ ֆրանսերէնով հասկնալու միջոցներ:

 Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ շարժապատկերէն օրինակ մը գնելու համար, այցելել /a> կայքը: Հոն կարելի է նաեւ արձանագրուիլ՝ շարժապատկերին ցուցադրութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.