2009-06-16 13:34:12

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Եւրոպական խորհուրդի դիտորդական յանձնախումբի զեկուցաբերներ Ճոն Փրեսքոթ եւ Ժորժ Քլոմպիէ կ'այցելեն Հայաստան։ Իրանեան ձայնասփիւռը կը հաղորդէ, որ երէկ Թեհրանի մէջ ցոյցերուն ընթացքին բախումներու պատճառով 7 զոհեր արձանագրուած են։ Իրանի ազդեցիկ Պահապաններու խորհուրդը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ դարձեալ քուէահամար կատարելու։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱԳ ԱՐՁԱԳԱՆԳՈՒՄԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 14 յունիսին Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստին։ Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր։ Նախագահներու նեղ կազմով հանդիպման յաջորդած է պատուիրակութիւններու՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուզպեքիստանի նախագահները ստորագրած են Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մասին համաձայնագիրը եւ անոր վերաբերող այլ փաստաթուղթեր, որոնք կը սահմանեն այդ ուժերուն կարգավիճակը, ձեւաւորման ու գործունէութեան կարգը, ինչպէս նաեւ հաւաքական ուժերու կազմը։Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին կառոյցի նախագահութեան շրջանին արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, յոյս յայտնելով, որ տրուած որոշումները նպաստեն անդամ պետութիւններու անվտանգութեան ամրապնդման ու հաւաքական հակազդումի լիարժէք ուժերու ստեղծման։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԴԷՄ ԼՈՊԻԻՆԿ ԿԱՏԱՐՈՂ ՎԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ ՝՝Էսոշիէյթըտ Փրես՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վեց ամերիկեան ընկերութիւններ, որոնցմէ հինգը զինուորական ճարտարարուեստի կը պատկանի , իսկ մէկը՝ ուժանիւթի մարզին, լուռջ կերպով լոպիինկ կը կատարեն Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ քննարկուող Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ։ ՊիԷյԻ Սիսթըմզ, Կուտրիչ Քորփորէյշըն, Նորթրոփ Կրումըն Քորփորէյշըն, Եունայթըտ Թեքնոլոճիզ Քորփորէյշըն, Ռէյթյըն եւ ուժանիւթի Շեւրոն ընկերութիւնները այս տարուան առաջին քառորդին լոպիինկի համար ծախսած են 14 միլիոն տոլար։ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին կողքին անոնք լոպիինկ կատարած են նաեւ Փենթակոնի ծախսերուն, կենսոլորտի փոփոխութեան, տուրքերու եւ այլ հարցերով։

ՄԵԹԻՈՒ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը ներկայացուած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնին համար։ Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ անոր թեկնածութիւնը առաջադրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Տանիէլ Ֆրիտ։ Սակայն ներկայ պահուն Սպիտակ Տունը պաշտօնական ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած է, իսկ Պրայզա եւ Տանիէլ Ֆրիտ այդ նիւթով մեկնաբանութիւն չեն կատարեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.