Յունիս 15-18 Հռոմի
մէջ տեղի կ'ունենայ աւագ միաբանութիւններու մեծաւորուհիներու ժողովը։ Խորհրդաժողովին
նպատակն է ուսումնասիրել եւ խորհրդածել ''ցանցի վրայ կրօնաւորուհիներ մարդկային վաճառքի
դէմ'' նիւթին մասին։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ կրօնաւորուհիները կը շօշափեն նման փշոտ
հարց մը։ Առաջին հանդիպումին ժողովականները յայտարարած են թէ մարդկային վաճառքը ոճրագործութիւն
մըն է եւ ծանր նախատինք մը անձին արժանաւորութեան դէմ .նաեւ՝ լուրջ բռնաբարում մըն է
մարդկային իրաւունքներուն։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ յանուն
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետեւեալ քաջալերական հեռագիրը ուղարկեց ժողովականուհիներուն.
՜՜Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կը գնահատէ ՝՝ցանցի վրայ կրօնաւորուհիներ մարդկային վաճառքի
դէմ՝՝ ժողովը, մաղթելով որ այս հանդիպումը նշանակալից արդիւնք տայ եւ գիտակցութիւն՝ անհատի
արժանաւորութեան ու պաշտպանութեան, միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետը կը հայցէ Աստուածամօր
բարեխօսութիւնը ժողովին յաջողութեան համար։