2009-06-14 10:07:54

Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին՝՝ Անուան Կաթողիկէ Բարեգործականի՝՝ 2008ի Տեղեկագիրը։ 2008 տարուայ ընթացքին հաւաքուած է 82միլիոն էուրօ,5020 ծրագիրներ իրագործուած՝137 Երկիրներու մէջ։


Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին՝՝ Անուան Կաթողիկէ Բարեգործականի՝՝ 2008ի Տեղեկագիրը։ 2008 տարուայ ընթացքին հաւաքուած է 82միլիոն էուրօ,5020 ծրագիրներ իրագործուած՝137 Երկիրներու մէջ։

Հակառակ տնտեսական տագնապին,բայց շնորհիւ Մարմնի պատասխանատու բարերարներուն ,Կաթողիկէ Բարեգործականը յաջողած է բարձր դիրքի մէջ պահել օժանդակութիւններու մակարդակը։ Այսպէս արտայայտուած է մարմնի ընդհանուր քարտուղարը Բիէռ Մարի Մորէլ,ներկայացնելով Բարեգործականի 2008 տարուայ Տեղեկագիրը։ Մարմնի կեդրոնները գտնուող 17 Երկիրներու մէջ ընդ ամէնը հաւաքուած է 82 միլիոն Էուրօ։Իտալիոյ նպաստը եղած է գրեթէ 7 միլիոն էուրօ՝նուիրուած իտալացի 16հազար բարերարներու կողմէ։ Իրագործուած ծրագիրներու լրիւ թիւն է 5.020։ Բոլոր ցամաքամասերու Դպրեվանքներու մէջ 14.739 ժառանգաւորներ օգնութիւն ստացած են իրենց ուսումանց համար,նա մանաւնդ Արեւելեան Եւորպայի եւ Լատին Ամերիկայի Դպրեվանքներուն մէջ։ Իսկ այն երկիրներուն մէջ ուր կաթողիկէները փոքրաթիւ են , իգական կրօնաւորական միաբանութիւնները յատկապէս օգնութիւն ստացած են դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ հոգ հոգւոցը,ինչպէս Խազախիստանի մէջ, ուր 110 ծրագիրներ ի գործ դրուած են, Խիրխիզիստանի մէջ 6,Տաճիկիստանի մէջ 5, իսկ Ռուսիոյ մէջ ի գործ դրուած են 351 ծրագիրներ։ 2008 տարուայ ընթացքին շարունակուած է տպագրութիւնը ու տարածումը փոքրերու սահմանուծ Աստուածաշունչին որու վերնագիրն է ՝՝ Աստուած իր Որդիներուն կը Խօսի՝՝ Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիի ՝՝պատմական՝՝ մէկ ծրագիրը որ բարեգործական այ մարմինը 1979էն ի վեր յառաջ կը տանի։ 2008ի ընթացքին այս գիրքը աւելի քան 1.200.00 տպաքանակով լոյս տեսած է(արաբերէնով 20.000) ու նաեւ ափրիկեան բազմաթիւ լեզուներով։ Միւս կողմէ 2008 տարուայ ընթացքին նոյնպէս Մարմինը զօրավիգ կանգնած է Սուրբ Երկրի Եկեղեցիին(Իսրայէլ/Պաղեստինի մէջ իրագործուած են աւելի քան 200.000 Էուրոյի արժողութեամբ ծրագիրներ) ու աւանդական միջ-դաւանանքային ծրագիրները Ռուսիոյ մէջ։ Մեծ աճում արձանագրած են նաեւ Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիի օժանդակութիւնները Իրաքի մէջ եւ մեծամասնութեամբ իսլամ այլ երկիրներու մէջ ինչպէս Բաքսիթանի եւ Նիճէրիայի մէջ,հոս կ՝ուզենք նշել նաեւ կատարուած օգնութիւնները Ովկիանիոյ Եկեղեցիին՝Բաբուա Նոր Կըվինյաի,Սալոմոն Կղզիներու եւ Գիրիպաթի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.