2009-06-14 14:16:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունիս 14, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այս կիրակի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը տօնախմբուի Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։ Տէրը, որ ինքզինք կու տայ աշխարհի փրկութեան համար, աղբիւր է ամէն սիրոյ։ Քրիստոնեայ հաւատացեալներու համար ասիկա մեծ ժառանգութիւն մըն է որուն կանչուած ենք մասնակցելու։ Ամենամեծ երկիւղածութեամբ մօտենանք Ամենասուրբ հաղորդութեան ու երկիրպագենք անոր առջեւ։ Քրիստոս ներկայ է այս Սրբութեան մէջ։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ըսաւ. Յունիս 24-26 Նիւ Եորք տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿի ժողովը տնտեսական ու ֆինանսական տագնապի մասին ու անոր անդրադարձը աշխարհի բարգաւաճումին։ Աստուծոյ լոյսը կը հայցեմ աշխարհի պատասխանատուներու վրայ որպէսզի անոնց պարգեւ է իմաստութեան եւ մարդկային զօրակցութեան ոգին, որպէսզի ներկայ տագնապը դառնայ բարեպատեհ առիթ մը աւելի բացուելու կարօտեալին եւ արդարօրէն բաժանելու երկրագունդի հարստութիւնը։

Այս կիրակին զանազան երկիրներու մէջ կը տօնախմբուի Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, այս առթիւ կ'ուզեմ յիշեցնել թէ միլիոնաւոր մարդիկ կը տառապին անօթութենէն։ Այս կացութիւնը անընդունելի եւ անհանդուրժելի է։ Աղօթքս է որ աշխարհի պատասխանատուները այս ցաւալի կացութեան լուծում գտնեն ։

Ապա Սրբազան հայրը յիշեցուց թէ յառաջիկայ ուրբաթ օրը, յունիս 19, Եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Ս. Սրտի տօնը` օրը քահանայական սրբութեան։ Այս առթիւ պիտի հռչակեմ քահանայական տարին, որ պիտի յաջորդէ Պօղոսեան տարւոյն։ Ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է խորացնելու եւ ընդգծելու քահանայական առաքելութեան արժէքը եւ Աստուծմէ հայցելու որ բազմաթիւ եւ սուրբ քահանաներ ղրկէ իր Եկեղեցւոյ ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ողջոյնի հեռագիրը դէպի Սանդա Գազա Լորեթօ կատարող ուխտաւորներուն

Իտալիոյ Մաչերադա շրջանին մէջ կը գտնուի Ս. Կոյս Մարիամի տունը։ Ամէն տարի բազմաթիւ հաւատացեալներ ուխտագնացութիւն կը կատարեն նախաձեռնութեամբ ''Հաղորդակցութիւն եւ Ազատագրում'' կոչուած կեղեցական եղբայրակցութեան։ 2009-ի ուխտագնացութեան բնաբանն է. ''Մեր յոյսը դրած ենք ողջ Աստուծոյ վրայ''։

Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց իր ողջոյնի ու քաջալերանքի խօսքը ուղղել ուխտաւոր հաւատացեալներուն, մաղթելով որ իրենց այս ուխտագնացութիւնը սատարէ աւելի մօտէն ճանչնալու Քրիստոսը եւ անոնք աւելի յարին Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։








All the contents on this site are copyrighted ©.