2009-06-14 10:08:09

Պատմական Տուեալներ Համշէնահայերու մասին:


Պատմական Տուեալներ Համշէնահայերու մասին:

Այսօր, ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, ծաուգմով 1 350 000 հայ կ'ապրի Արեւմտեան Հայաստանի եւ յարակից շրջաններուն մէջ, որոնցմէ 700 հազարը կը յիշէ իր ազգային արմատները, բայց գոնէ 200- 300 հազար հայեր՝ յատկապէս համշէնահայեր ինքնութեան իմաստով շատ աւելի կենսունակ էթնօկրօնական համայնք են, եւ պատրաստ են յայտնել իրենց ազգային պատկանելիութեան մասին անոնք մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ կը նշեն մեր աւանդական տօները, ինչպէս՝ Վարդավառը։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ թրքերէնի թարգմանուած հրատարակութիւններու շնորհիւ բուն Համշէնի մէջ ապրող այն հայերը, որոնք մինչ այդ չէին կրցած կողմնորոշուիլ իրենց ինքնութեան մասին, թէ կրօնական ինչ համայնքի կը պատկանին, անոնք հասկցած են, որ այդ մէկը ոչ թէ ազգային պատկանելիութիւն է, այլ աշխարհարական նշանակութիւն, իսկ պատմութեան ծանօթանալով բնականաբար անոնց մէջ արթնցած է արեան կանչը եւ դէպի արմատները վերադառնալու ձգտումը։ Հետաքրքրական է, որ մահմետական հայերու հայերէնը շատ աւելի մաքուր է քան քրիստոնեայ համշէնահայերունը, որովհետեւ անոնք կորսնցնելով կրօնը՝ կառչած են լեզուին կան շատ բառեր, որ քրիստոնեաները անոնց թրքերէն կամ ռուսերէն տարբերակը կ'ըսեն, իսկ մահմետականները հայերէնը՝ ընդգծելու համար իրենց ինքնութիւնը։ 19-րդ դարու եօթանասունականներուն, քրիստոնեայ համշէնցիներու զգալի մասը արտագաղթած է Սեւ Ծովեան շրջանները՝ Պաթումի մարզ, Աբխազիա, մինչեւ Խրիմ, ուր կարելի էր վերականգնել քրիստոնէական ապրելակերպը եւ ազգային նկարագրի միւս տարրերը։ Այսօր միայն Սոչիի մէջ կ'ապրի աւելի քան 100 հազար համշէնահայ, որոնք հարկադրաբար տեղափոխուած են այնտեղ, ու կրցած՝ պահպանել, զարգացնել մշակոյթը եւ դառնալ պետութեան լիարժէք քաղաքացի։ Անոնք կը խօսին մայրենի լեզուով, կարգ մը գիւղերու մէջ տեղադրած են Մեծ Եղեռնին նուիրուած խաչքարեր, Սոչիի համշէնահայերը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն մշակութային կեանքին եւ մարմնակրթութեան ամէն տարի կը կազմակերպուի ազգային մշակոյթի փառատօն, միայն 2005 թուականին տեղի հայ մարզիկները հին տարբեր մարզաձեւերու մէջ դարձած են երիտասարդական առաջնութիւններու աշխարհի ախոյեաններ։ Տեղի հայութեան միջոցներով կառուցուած է Ս. Սարգիս եկեղեցին։ Ազգային ինքնագիտակցութեան իմաստով Սոչիի մէջ մեծ դեր կը խաղայ կրթութիւնը եօթ դպրոցներու մէջ ուսուցումը կը կատարուի ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներով, դպրոցներու հիմնական խնդիրը հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասարքերն են, որ յաճախ կ'ապահովուի ծնողներու նիւթական օժանդակութեամբ։ Ռուսաստանի համշէնահայերու համայնքը մեծ թիւ կը կազմէ, սակայն այնտեղ նոր սկսած է կազմակերպման հանգրուանը, պէտք է հաստատել, որ հարաւային Ռուսաստանի համշէնահայութիւնը իսկապէս ամուր խարիսխ է հայութեան համար, որովհետեւ անոնք պահպանելով իրենց ազգային եւ կրօնական ինքնութիւնը, այսօր Ռուսաստանի մէջ կը դիտուին իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացի եւ Ռուսաստանի պետութեան միասնականութեան պահպանման գործօններէն մէկը։ Հայաստանի մէջ կ'ապրին տասնեակ հազարաւոր համշէնահայեր, տասը տարի առաջ եղած մարդահամարի տուեալներով անոնք կը հաշւեն 14 հազար, 1992 թուականին հիմնուած է Համշէն Հայրենակցական Միութիւնը, որ ունի իր անվճար թերթը՝ յղուած նաեւ Աբխազիոյ եւ Գրասնոտարի երկրամասի հայերուն։ 1000 օրինակ տպաքանակ ունեցող թերթը կ'ընդրկէ հայերէն եւ ռուսերէն գրուած նիւթեր, որոնց շնորհիւ իր ընթերցողները հնարաւորութիւն կունենան իրենց իմացած լեզուով ծանօթանալու Համշէնի պատմութեան։ Ի Վերջոյ կամաց կամաց կու գանք այն համոզումին, որ մահմետականացած հայն ալ հայ է, որ ճակատագրի բերումով ընդունած է իսլամութիւնը։ Համշէնցիները եւս յաղթահարած են ներքին այդ հոգեբանական պատնէշը արձանագրուած է ամուսնութեան մի քանի փաստ, մահմետականացած եւ քրիստոնեայ համշէնցիներու միջեւ։ Բնականաբար դեռ ժողովուրդի որոշ շերտի մէջ կան ընդվըզողներ, հաշուի առնելով կրօնական խնդիրը, սակայն անոնք եւս ժամանակի ընթացքին պիտի հասնին այն եզրակացութեան, որ ճակատագրի բերումով իսլամացած հայուն պէտք է ձեռք մեկնել, որովհետեւ մենք այնքան մեծ ազգ չենք, որ երկու հարիւր հազարը անտեսենք։ Ի վերջոյ, անոնք մեր հայրենակիցներն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.