2009-06-13 13:27:50

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնակատարութիւն հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին


Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի՝ Վիրապէն ելլելու տօնի նախօրեակին,հանդիսաւոր թափօրով Մայր Տաճար բերուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները։

Արարողութիւնը հանդիսապետեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը,որու ընթացքին ուխտաւոր հայորդիները հնարաւորութիւն ունեցան մեր հաւատքի հօր սրբազան մասունքներէն օրհնութիւն ստանալու։

Յունիս 13-ին՝ ժամը 9-ին, Ս Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները տարուեցան Խոր Վիրապի վանքը, ուր Սուրբին տօնին առիթով մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Պատարագ։








All the contents on this site are copyrighted ©.