2009-06-12 14:01:41

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է։ Քեզի ծարաւի է, Տէր, հոգիս։


Յունիս ամիսը Յիսուսի Ս. Սրտի ամիս է։ Քեզի ծարաւի է, Տէր, հոգիս։

Ինչպէս եղջերուն ջուրի ակունքներուն կը փափաքի,

այնպէս ալ ես քեզի կը փափաքիմ, ո՛վ Աստուած.

հոգիս ծարաւ է քեզի, Աստուած հզօր եւ կենդանի.

ե՞րբ պիտի գամ ու երեւամ Աստուծոյ առջեւ։

Գիշեր-ցերեկ իմ արցունքներս կերակուրս եղան,

որովհետեւ ամէն օր ինծի կ'ըսեն. «Քու Աստուածն ո՞ւր է»։

Այս յիշելով՝ հոգիս կը տառապէր ներսէն,

բայց կը քաջալերու էի, որ պիտի մտնեմ Աստուծոյ տան սքանչելի յարկի տակ,

ցնծութեան ու օրհնութեան ձայնով եւ ձայնով բարբանութեան։

Արդ, ինչո՞ւ կը տրտմի, հոգի՛ իմ, կամ ինչո՞ւ կը խռովիմ.

յոյս դնեմ Աստուծոյ վրայ,

օրհներգեմ Աստուած,իմ անձը փրկողն Աստուած է։

Հոգիս խիստ խռովուեցաւ։

Անդունդէն քեզ

Ցերեկը Տէրն իր ողորմութիւնը հաստատեց.

գիշերը՝ նոր օրհներգութիւն ես կ'աղօթեմ եմ։

Աստուծոյ ըսի. «զիս ընդունողը դու ես, ինչո՞ւ մերժեցիր զիս,

ինչո՞ւ տխուր ըլլամ թշնամիիս հալածանքի ժամանակ»։

Երբ ոսկորներս փշրուեցան, իմ թշնամիներս զիս նախատեցին՝ ամէն օր ըսելով.

«Քու Աստուածն ո՞ւր է»։

Արդ, ինչո՞ւ տրտմում ես, հոգի՛ իմ,

յոյսդ դի՛ր Աստուծոյ վրայ, օրհներգէ զայն,

իմ անձս փրկողն Աստուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.