2009-06-12 13:41:15

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԳԱԳԻԿ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ։ Երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի երդման արարողութիւնը։ Ստանձնելով իր պաշտօնը՝ ան երդումով խոստացաւ պահպանել սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները՝ ի բարօրութիւն Երեւանի բնակիչներուն։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Առաջին անգամ(ըստ Երեւանի հայող օրէնքին) մայրաքաղաքի կառավարումը կը ստանձնէ ընտրութիւններու միջոցով ձեւաւորուած աւագանին (քաղաքապետական խորհուրդ) քաղաքապետին գլխաւորութեամբ։ Գ. Բեգլարեան իր ելոյթին ընթացքին վստահեցուց, որ քաղաքապետը եւ աւագանին պիտի իրականացնեն իրենց նախընտրական արշաւին ընթացքին երեւանցիներուն տրուած բոլոր խոստումները եւ բոլոր ծրագիրները։ Ան խոստացաւ, որ իր եւ աւագանիի անդամներուն հանդիպումները երեւանցիներուն հետ պիտի ըլլան շարունակական, ընտրողներուն հետ յետադարձ կապը պիտի օգնէ քաղաքային իշխանութիւնները գնահատելու իրենց աշխատանքին եւ մայրաքաղաքի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը։ Բեգլարեան ապա ընդծեց որ մայրաքաղաքին տանտէրը քաղաքապետն ու աւագանին չեն, այլ՝ Երեւանցին։ Իսկ քաղաքապետին նպատակն է Երեւանը դարձնել ժամանակակից, մաքուր, կանաչապատ եւ գեղեցիկ։

ԸՍՏ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ՈՉ ՄԷԿ ԿԱՊ ՈՒՆԻ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԵՏ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 11 յունիսին Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայէթի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է ՝՝որ Թուրքիա ոչ մէկ կապ ունի ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետ՝՝։ Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիա կը փափաքի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու շուտափոյթ բնականոնացումը։ Է. Նալբանդեան յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է պարզել, թէ որո՞ւն ուղղուած են նման յայտարարութիւնները՝ թուրք հանրութեա՞ն, Հայաստանի՞, Ազրպէյճանի՞, Ուաշինկթընի՞, Մոսկուայի՞, թէ՞ Պրիւքսելի։ Միւս կողմէ Ազրպէյճանական ՝՝Today.Az՝՝ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանը աւարտած է, ուստի Անգարա կը սպասէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան։ Տաւութօղլու նաեւ անդրադարձած է հոկտեմբերին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու մրցումին ներկայ գտնուելու համար նախագահ Սարգսեանի Թուրքիա այցելութեան հաւանականութեան։

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան զարգացման տարեկան զեկուցումը։ Անոր մէջ կը ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը ժողովրդավարութեան զարգացումին, ոչ ժողովրդավար եւ անցումային ժողովրդավարութեամբ երկիրներուն մէջ։ Զեկուցումը պատրաստելու ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութիւնը նկատի առած է ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կարծիքը։Անիկա կ'ընդրկէ 106 երկիրներ, որոնց շարքին՝ Հայաստան եւ դրացի երկիրները։ Ըստ զեկուցումին, Հայաստանի մէջ 2008 թուականին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին տեղ գտած բազմաթիւ թերութիւնները յանգեցուցած են քաղաքական ճգնաժամի, որ կը շարունակէ անլոյծ մնալ։ 1 մարտ 2008-ին իշխանութիւնը ուժ կիրարկած է բողոքի ցոյցերը ցրուելու համար, ձերբակալուած են բազմաթիւ ցուցարարներ, իսկ 20-օրեայ արտակարգ դրութիւնը զգալիօրէն սահմանափակած է լրատուամիջոցներու գործունէութեան եւ հաւաքներու ազատութիւնը։ Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու բախումը 10 զոհեր պատճառած է։Ոստիկանութիւնը բռնութիւն կիրարկած է կալանաւորուածներուն նկատմամբ, իսկ իրաւական գործընթացները յաճախ ընթացած են ոչ պատշաճ մակարդակով(կը նշուի սոյն զեկուցումին մէջ)։

ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ։ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ 20 ՏԱՐԻ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ, ՈՃԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ ԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ 28 ՏԱՐԻ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ։Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ Օրաթերթը կը գրէ ՝՝20 տարի ոճրագործութեան համար,եւ 28 տարի՝ սոյն ոճիրին մասին գիրք գրելու համար՝՝ խորագիրով լրատուութեան մէջ կը հաղորդէ, որ Թուրք լրագրող մը ՆԵՏԻՄ ՇԵՆԵՐ կը դատուի Հրանդ Տինքի սպանութեան պայմաններուն մասին գիրք մը գրելուն համար։ Իր ենթադրեալ քրէական յանցանքներուն համար ան 28 տարուան բանտարկութեան վճիռ մը կը դիմագրաւէ, ինչ որ ութ տարի աւելի է, քան դատապարտուելու պարագային ոճիրին հեղինակին սպասող բանտարկութիւնը( կը գրէ օրաթերթը)։ Թրքական ՝՝Միլլիյէթ՝՝ Օրաթերթի լրագրող Նետիմ Շեների՝՝Տինքի Սպանութիւնն Ու Տեղեկահաւաքի Սուտերը՝՝ խորագիրով գիրքը կը կեդրոնանայ Տինքի սպանութենէն առաջ եւ ետք ապահովական կառոյցներու տեղեկահաւաքի զանցառութիւններուն վրայ։ Ականաւոր ոստիկան մը եւ ոստիկանութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի երեք ղեկավարներ անոր դէմ բողոքագիր մը ներկայացուցած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.