2009-06-11 13:23:02

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 11 Յունիս 2009, տօնն է Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը բացօդեայ հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ Ս. Յովհաննէս պազիլիքային հրապարակը եւ ապա կը հանդիսապետէ Ս. Հաղորդութեան թափօրը Ս. Յովհաննէս պազիլիքայէն դէպի Տիրամօր Աւագ պազիլիքան, ծիսակատարութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ս. Հողորդութեամբ կ'օրհնէ բոլոր ներկաները։



21 Յունիս 2009ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Սան Ճիովաննի Ռոդոնտոյի սրբավայրը, ուր կը հանգչի հրաշագործ ՜՜Բատրէ Բիօ՝՝ Սուրբին մարմինը։ Բատրէ Բիօն Իտալիոյ ամենասիրելի ու ժողովրդական սուրբն է։

Վատիկանի մամլոյ Գրասենեակը կը հրապարակէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Սան Ճիովաննի Ռոդոնտօ սրբավայրի հովուական այցելութեան յայտագիրը։

Կիրակի՝ 21 Յունիսին, Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով կը մեկնի Ս. Յովհաննէս Ռոդոնտօ։ Իտալիոյ սահմաններէն ներս կատարելիք այս 15-րդ այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Սան Ճիովաննի Ռոդոնտօ կը մեկնի ինքնաթիռով առաւօտեան ժամը 8-ին եւ կը հասնի ժամը 9.15-ին։ Սրբազան հայրը նախ պիտի այցելէ վանքին թիւ մէկ խցիկը, ուր ապրած ու վախճանած է Բատրէ Բիօ 1887-1968։

Յայտնենք թէ՝ Բատրէ Բիօ իր մարմնին վրայ՝ ձեռքերուն, ոտքերուն ու կուրծքին վրայ կը կրէր Յիսուսի հինգ վէրքերը։

Սուրբին խցիկը այցելելէ ետք, Պենետիկտոս ԺԶ պիտի ուղղուի այն մատուռը ուր կը հանգչի սուրբին անաղարտ մարմինը։ ժամը 10.15ին Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ եւ ապա Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը պիտի կատարէ վանքին հրապարակը։ Յետմիջօրէին՝ ժամը 16.45ին Նորին Սրբութիւնը այցելելով՝ ՜՜Քազա Սօլլիէվօ՝՝ անուան տուն- հիւանդանոցը հիմնուած՝ Բատրէ Բիօյի կողմէ 1956ին, հանդիպում պիտի ունենայ հիւանդներուն ու բժշկական մարմնին հետ. հուսկ վանքին եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 17.30ին, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Բուլիա մարզի եկեղեցականներուն հետ եւ ապա պիտի նախագահէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։

Հուսկ՝ ժամը 18.15ին Սրբազան Հօր ինքնաթիռը Հռոմ կ'ուղղուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.