Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին՝
հաւատացեալներու խումբը, անխառն պիտի չմնար յաջորդող դարերուն, եւ այդ Աստուածատունկ
հաստաբուն «կաղնի»ին վրայ շուտով պիտի աճէին նոր տեսութիւններ: Կարծիքներ, որոնք երբեմն
կը տրուէին երկար տարիներ իր քրիստոնէական փորձառութիւնը ապրած հաւատացեալներու կողմէ,
որոնք մոլորելով իրենց հաւատքին մէջ՝ Ընդհանուր եկեղեցւոյ դաւանած սկզբունքներէն տարբեր
սկզբունքներ եւ եկեղեցւոյ ուսուցած վարդապետութենէն տարբեր վարդապետութիւններ կը տարածէին
հաւատացեալներու կեանքին մէջ:
Եկեղեցին, երբեմն մեղմ եւ երբեմն խիստ միջոցներու
դիմեց՝ կասեցնելու համար այդ զարտուղի հոսանքները, բաղաձայն աղաղակները, որոնք միայն
շփոթ ու կասկած կ՛առաջացնէին Քրիստոսի բանաւոր հօտին մէջ:
Այդպէս է, որ Հաւատաքննութեան
ատեանը, հերետիկոսները պատժելու համար եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուեցաւ 1184 թուականին:
1633 թուականը, գիտական աշխարհին համար այլապէս անկիւնադարձային թուական մը ըլլալու կոչուած
էր իր ժամանակին, եւ իսկապէս ալ է՛ այսօր, երբ Կալիլեօ գիտնականը գրեց գիրք մը, որուն
մէջ կ՛ըսէր, թէ աշխարհը արեւուն շուրջ կը դառնայ:
Սակայն, նոյն՝ 1633 թուականին
Կալիլեօ հաւատաքննութեան ենթարկուեցաւ կրօնական ատեանին կողմէ: Աւելին կրնար պատահիլ,
եթէ խարոյկի դատապարտուէր: Որոշում մը, որ ամբողջութեամբ իրաւասութիւնն էր Հաւատաքննական
ատեանին, եւ որ ամէնէն տխուր պայմաններու մէջ տեղի կ՛ունենար: Քաղաքի հրապարակներէն մէկուն
կեդրոնը, իր հեղինակած գիրքի դէզին վրայ կը կապուէր զայն գրողը, եւ յաւելեալ փայտերու
ու դիւրավառ ցախերու հետ կրակի կը տրուէր, իբրեւ ցաւատանջ ու վերջակիտային պատիժ իր արտայայտած
արտասովոր գաղափարներուն:
Հակառակ եօթանասուն տարեկան ծերունի մը ըլլալուն, Կալիլեօ
ստիպուեցաւ հրապարակաւ ծունկի գալ եւ յետս կոչել իր կարծիքը, որ հերետիկոսութիւն կը նկատուէր
այն ժամանակ: Իմաստուն ծերունին, սակայն, իր հոգւոյն մէջ հանգիստ չէր…: Այն ինչ ըսած
էր, իբրեւ համոզում գոյացած էր իր մէջը, եւ գիտական իր փորձարկումներուն հաստատ արդիւնքն
էր: Մղձաւանջը տագնապի վերածուելով՝ հազիւ հաւատաքննութեան հրապարակային առաջին մասը
աւարտած, Կալիլեօ ոտքի ելլելով՝ ոտքը գետին զարնելով կը գոչէ.
- Բայց կը դառնա՜յ…:
Իր այդ հաստատ համոզման պատճառաւ, Կալիլեոյի դատաւորները շփոթի կը մատնուին, ու խարոյկի
դատապարտելու ծրագիրէն ետ կը կենան, սակայն մինչեւ իր մահը, հսկողութեան տակ կը պահեն
զայն:
Կալիլեօյի վճռակամութիւնը խարոյկի դէզէն վար իջեցուց զինք: Սակայն միշտ
չէ որ աստուածավախութեան զգացումը կը լեցնէ մարդադատ ատեաններու վրայ գտնուող անձերը:
Անոնք ալ կրնան իրենց կեցուածքներուն վրայ անդրդուելի մնալ, եւ դատապարտութեան վճիռը
սաստկացնել ու խարոյկին բոցը բորբոքել:
Բարեբախտաբար, քրիստոնէական կրօնքը եւս
աշխարհի քաղաքակրթական զարգացման հետ ուղղակի քայլ պահեց, մշակոյթներու ազնուագոյն բազմոցներուն
վրայ երկնցաւ, պալատականէն մինչեւ մուրացիկին հետ խօսելու ոճ որդեգրեց, վտանգի ժամանակ
գիտցաւ իր պատեանին մէջ քաշուիլ ու իր սահմանները պաշտպանել, աւանդութեանց նկատմամբ շրջահայեաց
բծախնդրութիւն ցուցաբերեց: Մէկ խօսքով, եկեղեցին միշտ ալ եղաւ իր ժամանակի՛ն կառոյցը,
եւ ոչ թէ քարացած ու անթեք կոթող մը:
Կալիլեօն պոռթկաց՝ «Բայց կը դառնա՜յ»:
Այդ պոռթկումը, վստահաբար, մինչեւ գերեզման, ու թերեւս անկէ ալ անդին իր հետ տարաւ ան:
Իր յանցանքը այն էր, որ իր ժամանակէն աւելի արագ ու առաջ մտածեց, ու յայտնեց այնպիսի
գիտական փաստ մը, որուն հաստատումը շատեր պիտի երկրորդէին աւելի ուշ…: