2009-06-11 13:23:40

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայկական խաչքարը Մետրոպոլիտեն թանգարանին մէջ


Նիւ-Եորքի Մետրոպոլիտեն թանգարանը իր այցելուներուն կը ներկայացնէ 12-րդ դարու հայկական խաչքարը, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հինգ տարուայ համար տրամադրուած է այս թանգարանին:

Խաչքարը Հայաստանի նուէրն է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Գեղարդէն Նիւ-Եորք տեղափոխուած է 1994 ին:

ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանի կարեւոր վերանորոգման պատճառով անհրաժեշտ եղած է զայն տեղափոխել ուրիշ տեղ մը, երկարատև պահպանման նպատակով:

Այս ձեռնարկը իրագործուեցաւ անցեալ տարի՝ 2008ի Սեպտեմբերին, ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի Նիւ-Եորք կատարած այցելութեան ընթացքին, հայրենի նախագահին եւ Մետրոպոլիտեն թանգարանի ղեկավարութեան միջեւ ձեռք բերուած պայմանագրով։



Արցախի մէջ պեղումներ

Արցախի Տիգրանակերտ շրջանի այս տարուան պեղումները պիտի սկսին 15 յունիսին եւ պիտի տեւեն 70 օր, իսկ այս աշխատանքին իրագործման համար Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը յատկացուցած է 35 միլիոն դրամ, այսպէս յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբի ղեկավարը Համլետ Պետրոսեան։ Պեղումներուն զուգահեռ, այս տարի կը նախատեսուի իրականացնել նաեւ՝ հնագիտական նիւթերու վերականգնում։ Ըստ Պետրոսեանի, կը նախատեսուի մինչեւ տարեվերջ գիրք մը հրատարակել Տիգրանակերտի պեղումներուն մասին։

Հայոց արքայից արքայի՝ Մեծն Տիգրանի կողմէ կառուցուած Տիգրանակերտ քաղաքը հայ հնագէտները յայտնաբերած են 2005-ին։ Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են քաղաքի Միջնաբերդի պարիսպներուն կեդրոնական թաղամասի պազիլիք եկեղեցւոյ մէկ մասը, ամրացուած թաղամասի պարիսպներուն ժայռափոր հիմքերը ու նոյն թաղամասի դարաւանդներէն մէկուն յենապատը։ Հետազօտուած են նաեւ՝ ամրացուած ու կեդրոնական թաղամասերու քանի մը հատուածներ, քաղաքի մերձակայքը գտնուող պաշտամունքային քարայրային համալիրը, անոր քովէն անցնող ժայռափոր ջրանցքը, Խաչենագետի ձախ ափին գտնուող վաղմիջնադարեան ամրոցը։ Տիգրանակերտի հետազօտութիւնները նախաձեռնուած եւ ֆինանսաւորուած է հայրենադարձութեան եւ հիմնաւորման ՜՜Երկիր՝՝ հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան կողմէ։ Նշենք, որ 2007-էն ի վեր պեղումները ֆինանսաւորած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը։



Հայաստանի մէջ պուլկարական մշակոյթի տարի

Հայաստանի մէջ պուլկարական մշակոյթի տարուան շրջանակներուն մէջ մայիս 30-էն յունիս 4 տեղի ունեցած է մշակութային նախագիծ մը՝ Պուլկարիոյ ազգագրական եւ դասական արուեստի հանրայայտ միութիւններու մասնակցութեամբ։ Նախագիծին իրագործուած են զանազան ձեռնարկներ.նշենք անոնցմէ.՜՜ Պուլկարիոյ վանքերը եւ սրբավայրերը խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէս, Ալ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կալա-համերգ, նուիրուած՝ Հայաստանի մէջ պուլկարական մշակոյթի տարուան, Արապեսք պալետային խումբի եւ Սոֆիայի մենակատարներ սենեկային նուագախումբի ելոյթները՝ Դիլիջանի մշակոյթի տան մէջ, Գիւմրիի Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիք թատրոնին, Երեւանի Պարոնեանի անուան երգիծական պետական թատրոնին, Պիստրիցայի տատիկները ազգագրական համոյթի եւ Նայտեն Կիրով ազգագրական պարի թատրոնի ելոյթները՝ Վանաձորի եւ Արմաւիրի մշակոյթի տուներուն մէջ՝՝։

Նշենք, որ նախագիծը իրականացած է Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ մշակոյթի նախարարութիւններու միացեալ ջանքերով։ Աւելցնենք նաեւ որ՝ ՜՜2009 տարին Հայաստանի մէջ յայտարարուած է Պուլկարիոյ տարի, իսկ 2010-ին Պուլկարիոյ մէջ պիտի յայտարարուի Հայաստանի տարի՝՝։ Նաեւ յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ Պուլկարիոյ տարուան շրջանակներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենան պուլկարական թատրոնի օրեր, ցուցահանդէսներ, մեծ համերգային ծրագրեր եւ օփերային ներկայացումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.