2009-06-10 13:13:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 10 Յունիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին,այսօր ներկայացուց ՜՜Յովհաննէս Սքոդ Էրիկէն՝՝ը։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնենք քրիստոնեայ Արեւմտեան աշխարհի կարեւորագոյն մտաւորականներէն մէկուն՝ Յովհաննէս Սքոդ Էրիկէնի վրայ։ Ան կը թուի ծնած ըլլալ, Իրլանտա, իններորդ դարու սկիզբը։

Յովհաննէս Սքոդ Էրիկէնը քաջածանօթ էր եկեղեցւոյ հայրերուն` Լատին թէ Յոյն հայրերուն։ Ան յատուկ նախընտրութիւն մը ունէր հանդէպ Տենիզիոս հայրապետին եւ աշխատեցաւ անոր գաղափարները ընդլայնելու ու զարգացնելու համար։ Յովհաննէս Սքոդ Էրիկէնի իր աստուածաբանութիւնը կեդրոնացուցած էր Աստուծոյ լռելեայն երկիրպագութեան ու խորհրդածութեան վրայ։

Նոյնոսկ Եթէ անոր աստուածաբանութիւնը հետեւորդներ չունեցաւ սակայն եւ այնպէս անիկա այսօր կը ներկայացնէ շահեկան հեռանկար մը մասնաւորապէս Ս. Գիրքի ընթերցումին համար։ Ան կը յիշեցնէ թէ լուռ երկիրպագութեան ու մտածականի շնորհքը տրուեցաւ մարդուն՝ մեղաւոր մարդուն որպէսզի ան կարենայ վերագտնել այն ինչ որ սրտին մէջ դրոշմուած էր Արարիչին կողմէ, քանի որ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ Ասիկա կը նշանակէ թէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակելով, կարելի չէ ըմբռնել Աստուծոյ խօսքը եթէ մարդը ՜՜լուրջ վերլուծում մը չկատարէ՝՝ Ս. Գիրքի ընթերցումի պահուն ու անոր սիրտը տրամադիր չըլլայ ՜՜դարձի ու ապաշխարանքի՝՝ ։ Լուսաբանուած մտքին պէտք է ընկերանայ սրտի մաքրութիւնը, աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները հայցելով Սուրբ Հոգիէն որ ՜՜ամէն անհատին պարգեւէ շնորհքը՝ փնտռելու Յիսուսը եւ արարչագործութեան ու եղբայրներուն մէջ տեսնելու Աստուծոյ ներկայութիւնը։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը , Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ վաղը՝ Հինգշաբթի 11 Յունիս 2009, ՜՜Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնն է՝՝, ասիկա ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, բարեպատեհ առիթ մըն է զօրացնելու՝ մեր հաւատքն ու սէրը հանդէպ Ամենասուրբ Հաղորդութեան։ Թող Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան խորհուրդը ըլլայ ՜՜Կենարար Հոգեւոր Սնունդը՝՝ հաւատացեալին, օրէ օր սրբութեան մէջ զարգանալու համար ։








All the contents on this site are copyrighted ©.