2009-06-10 13:14:53

ունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է։


Կը պաղատիմ Քեզի, լսէ, Տէր, ձայնս, ողորմէ ինծի եւ լսէ զիս,

որովհետեւ սիրտս քեզի կ'աղաղակէ, իմ դէմքս քու դէմքդ կը փնտռէ, Տէր,

Մի դարձներ երեսդ ինծմէ եւ մի վտարեր բարկութեամբ քու ծառադ։



Օգնական եղիր ինծի, Տէր, մի արհամարեր

եւ երեսի վրայ մի թողուր զիս, ով Փրկիչս Աստուած։



Եթէ Հայրս ու մայրս իսկ լքեն զիս,

Տէրը պիտի ընդունի զիս։



Ըրէ որ օրէնքներուդ ճամբան սորվիմ

եւ անշեղ ընթանամ քու շաւիղներէդ



Թշնամիներուս պատճառով

զիս մի յանձներ հալածիչներուս ձեռքը



Սուտ վկաներ ելան իմ դէմս

եւ իրենց խաբէութեամբ

ուզեցին վնասել ինծի



վստահ եմ որ պիտի տեսնեմ

Տիրոջս բարութիւնը

ողջերու աշխարհին մէջ։



դիր յոյսդ Տիրոջ վրայ եւ քաջալերուէ

թող զօրանայ սիրտդ,

միշտ Տիրոջ վրայ դիր յոյսդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.